Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Նոր Յառաջ»՝ հայատեացութեան արարքի մը զոհ

Պելճիքայի մեր բաժանորդներէն մէկուն հասցէագրուած թերթը թղթատարին կողմէ վերադարձուեցաւ խմբագրատունս, պիտակի մը վրայ նշուած ըլլալով որ՝ հասցէն պակասաւոր է, թէեւ բաժանորդ մըն է որ տարիներէ ի վեր թերթը կանոնաւոր կը ստանայ այդ նոյն հասցէին։

Բայց այն ինչ որ շատ աւելի ծանրակշիռ է ու ցեղապաշտական, հայատեացական, թերթին հասցէագրումի ծածկոյթին վրայ՝ « Journal en langue arménienne » գրութեան arménienne-ի վրայէն գիծ քաշուած ու ձեռագրով՝ turc բառով փոխարինուած ըլլալն է։

Նոյնպէս, ծածկոյթի վերջին էջին՝ բաժանորդագրութեան թերթիկներուն վրայ նոյն փոփոխութիւնները կատարուած են։

Ակնյայտ է, որ թերթը թղթատարութեան արտասահման իր բաշխումի ճամբուն վրայ անցած է հայատեաց գաղափարախօսութեան տէր պաշտօնեայի կամ գործաւորի մը ձեռքէն, որ չէ վարանած դիմելու այս դատապարտելի քայլին։ Նամակի կերպընկալէ ծրարը բացած է, փոփոխութիւնները կատարած, վերստին փակած, ու բաժանորդին հասցէն ծածկած է պիտակով մը, ուր նշած է թէ հասցէն պակասաւոր է, ուրեմն չէ բաշխած իր տիրոջ ու ետ վերադարձուցած Ֆրանսա, խմբագրատունս։

Նկատի ունենալով այն հանգամանքը որ այս արարքը կատարուած է Ֆրանսայէն դուրս, Ֆրանսայի թղթատարը պաշտօնապէս պատասխանատւութիւն չի կրեր։ Այս առնչութեամբ, նշենք որ՝ արարքին մասին մեր կողմէ տեղեկացուած բաժանորդը ձեռնարկած է բողոքի քայլերու։ Ան, նամակներ յղած է Պելճիքայի Հանրային ծառայութիւններու, հանրային ձեռնարկութիւններու, հաղորդակցութեան եւ թղթատարի նախարարուհիին, եւ թղթատարի տնօրէնին։

Յոյս յայտնելով որ ընթացք կը տրուի իր դիմումին, մեր բաժանորդը իր նամակներուն հասցէատէր զոյգ հաստատութիւններու գլխաւոր պատասխանատուներէն կ՚ակնկալէ, որ թոյլ պիտի չտան իրենց կազմերուն մէջ ցեղապաշտ եւ ժխտողական տարրերու ներկայութեան։

*  *  *

Այս դէպքին առիթով կ՚ուզենք նշել մեր ընթերցողներուն որ՝ Ֆրանսայի մէջ ալ «Նոր Յառաջ» եւ իր ընթերցողները յաճախ զոհ կ՚երթան անբարեխիղճ նամակաբաշխներու, որոնք տարիներու մեր հաւատարիմ բաժանորդներու թերթին հասցէին կը փակցնեն պիտակ մը որուն վրայ կը նշեն՝ «պակասաւոր հասցէ», կամ «անհասանելի նամակատուփ» եւ կամ նոյնիսկ՝ «այս հասցէին չի բնակիր» ու թերթը կը վերադարձնեն մեզի։ Այս արարքները անընդունելի են, եւ քանի անգամ գանգատած ենք թղթատար La Poste-ի տնօրէնութեան, բայց ի զուր, քանի որ արդիւնքը կ՚ըլլայ՝ ուժի, ժամանակի եւ նիւթական կորուստ, որովհետեւ յաճախ նորէն նոյն թերթը, երկրորդ անգամ կը ստիպուինք բաժանորդին ղրկել սովորական թղթատարով։ ■