Նոր օրէնք՝ արտասահմանեան ներդրողներուն համար

Հայաստանի կառավարութիւնը կը պատրաստուի ընդունելու օրէնքի նախագիծ մը, որ արտասահմանի մէջ ապրող ներդրողներուն կարելիութիւն պիտի ընձեռէ Հայաստանի մէջ անշարժ գոյք գնել հիփոթեքային վարկով (գրաւի տակ)՝ հեռակայ կարգով եւ առանց նոտարական վաւերացման։ Ըստ Անշարժ գոյքի յանձնախումի ղեկավար Սուրէն Թովմասեանի, այս փոփոխութիւնը պիտի դիւրացնէ գործընթացները եւ նուազեցնէ ծախսերը։Եթէ արտասահմանի մէջ ապրող անձ մը ուզէ ներդրում կատարել, ան պիտի կարենայ առուծախի պայմանագիրը ստորագրել հեռակայ կերպով՝ առանց Հայաստան այցելելու”,բացատրած է Թովմասեան՝ նշելով, որ այս քայլը նպատակ ունի խթանելու անշարժ գոյքի շուկան։