Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ. Ալէն Սիմոնեան հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ-ու Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահուհի Նենսի Փելոսիի հետ

Յունուար 19-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան հանդիպում ունեցած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահուհի Նենսի Փելոսիի հետ: Լուրը հաղորդած է ԱԺ-ի լրատուական ծառայութիւնը։

ՀՀ ԱԺ-ի նախագահը ներկայացուցած է Հայաստանի իշխանութիւններու եւ խորհրդարանի ջանքերը եղծանման դէմ պայքարի ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ ընդգծած՝ ազատ եւ արդար ընտրութիւններու դերը բարեփոխումներու ապահովման գործին մէջ: Կողմերը վերահաստատած են, թէ ժողովրդավարութիւնը հայ-ամերիկեան համագործակցութեան հիմնասիւներէն է:

Ալէն Սիմոնեան իր պաշտօնակցին հաղորդած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ներկայ փուլի եւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակին մասին:

Ան ընդգծած է, թէ Ազէրպայճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն ոտնձգութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ: Կողմերը ընդգծած են, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերջնական կարգաւորումը կրնայ ձեռք բերուիլ մի՛այն խաղաղ բանակցությիւններու ճանապարհով՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանաւորութեամբ:

Քննարկուած են նաեւ Ազէրպայճանի կողմէ հայ ռազմագերիներու անյապաղ ազատ արձակման եւ տարածաշրջանի հաղորդակցութեան բոլոր ճամբաներու բացման վերաբերող հարցեր:

Զրուցակիցները անդրադարձած են հայ-ամերիկեան միջխորհրդարանական յարաբերութիւններուն։ ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահը բարձր գնահատած է Գոնկրէսի հայկական հարցերու խումբին գործունէութիւնը, որ ունի երկկուսակցական աջակցութիւն եւ առանցքային դեր կը խաղայ այդ յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ: Ալէն Սիմոնեան երախտագիտութիւն յայտնած է Փելոսիին եւ վերջինիս բոլոր գործակիցներուն՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ համապատասխան բանաձեւի ընդունման գծով անոնց ունեցած կարեւոր ներդրման համար:

Հանդիպումին Նենսի Փելոսիին յանձնուած է պատուոյ շքանշան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակի կապակցութեամբ՝ հայ-ամերիկեան բարեկամական կապերու ամրապնդման եւ զարգացման ուղղութեամբ ներդրած նշանակալից աւանդին համար: ■