Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ – Բողոքի ցոյց՝ ի յիշատակ Սումկայիթի եւ Պաքուի մէջ  զոհուած հայորդիներու յիշատակին

ԱՄՆ-ու ՀՅԴ երիտասարդական միութիւնը Փետրուար 25-ին բողոքի ցոյց մը կազմակերպած է Ուաշինկթընի մէջ ազերպայճանական դեսպանութեան առջեւ՝ ի յիշատակ 1988-ին Ազերպայճանի կողմէ կազմակերպուած հայկական ջարդերու զոհերու յիշատակին։

Ցոցարարները անդրադարձած են նաեւ 2023 Սեպտեմբերին Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան, նշելով, որ այս բոլոր իրադարձութիւնները Ազերպայճանի կողմէ պետական մակարդակով իրականացուող հակահայ քաղաքականութեան դրսեւորումներ են։