ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարած է, թէ իր երկիրը համաձայն է Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ Ղարաբաղի հակամարտութիւնը մնայուն կերպով լուծելու գաղափարին, բայց միաժամանակ դէմ է այդ ուղղութեամբ միակողմանի քայլերուն։
“Ես անմիջական շփում ունեցայ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ազերպայճանի ղեկավարութեան հետ։ Մասնաւորապէս, վերջերս՝ շաբաթ մը առաջ, հեռաձայնային զրոյցներ ունեցայ վարչապետ Փաշինեանի եւ նախագահ Ալիեւի, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարներուն հետ՝ փորձելով խթանել Լեռնային Ղարաբաղի հարցին քաղաքական մնայուն կարգաւորման հեռանկարները”,– նշած է Պլինքըն։
“Միւս կողմէ, սակայն, Ուաշինկթըն դէմ է որեւէ միակողմանի գործողութեան, յատկապէս Ազերպայճանի կողմէ, որ մի՛այն կրնայ սրել իրավիճակը”,– ընդգծած է ԱՄՆ-ու դիւանագիտութեան ղեկավարը։