Վերջերս, Էլէֆթերիա հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ սարոյեանասէր գրականագէտ Յակոբ Փափազեանի աշխատասիրած քառահատորը «Ուիլիըմ Սարոյեան՝ գրողական սլացքը» (William Saroyan Writing Momentum) խորագրով։ Փափազեան աւելի քան 30 տարի ուսումնասիրած է Ուիլիըմ Սարոյեանի գործերը եւ վերջապէս հրատարակութեան յանձնած իր աշխատասիրութիւնը։ Յ. Փափազեան կը նկատէ թէ իր ուսումնասիրած հեղինակին գործերը իրենց իսկական արժէքին յարիր չեն արժեւորուած ամերիկեան անկլոսաքսոն գրաքննադատութեան կողմէ եւ հարկ էր յանձնառու ըլլալ Սարոյեանը վերարժեւորելու մարտահրաւէրը դիմագրաւելու։
Սարոյեանի գործերը բաւականաչափ չեն սերտուած։ Այս առընչութեամբ New-York Times-ի գրական սիւնակի քննադատ Նոնա Պալաքեան կը գրէ, թէ որքան ան կարդայ եւ դարձեալ կարդայ Սարոյեանի գործերը, աւելի ու աւելի կը համոզուի, թէ անոր գրականութիւնը իր խորքին մէջ կը պարփակէ գեղարուեստական եւ փիլիսոփայական իմաստ մը, որ աւելի խորունկ եւ բարդ է քան ինչ կը թուի ըլլալ առաջին ընթերցանութեամբ։ Անոր գործերը կը պարփակեն բացառիկ ինքնուրոյնութիւն։
Նոյն կարծիքը ունի Howard Floan, հեղինակ՝ «Ուիլիըմ Սարոյեան» քննադատական հատորին։ Henry Edward Krehbiel գովասանքով կը խօսի «Անունս Սարոյեան է» գիրքի հրատարակութեան առթիւ։ Կը քաջալերենք նման աշխատասիրութիւններ, որոնք առիթ կ՚ընծայեն գրաքննական հետազօտողներուն արժանի գնահատականը տալու Սարոյեանի գրականութեան։

***
«Նոր Յառաջ» – Փարիզի մէջ Սորպոնի համալսարանը բաղդատական գրականութեան ուսման ձեր տոքթորականի նիւթ ընտրած էք Սարոյեանի գրականութիւնը եւ անկէ ի վեր անայլայլ կերպով շարունակած էք Սարոյեանի գործերուն եւ կեանքին ուսումնասիրութիւնը եւ այսօր ձեր 38 տարուան աշխատասիրութեան արգասիքը կը ներկայացնէք հանրութեան՝ քառահատոր հրատարակութեամբ, անգլերէնով. սկսինք ամէնէն տարրական հարցումէն՝ ինչպէ՞ս ի յայտ եկաւ Սարոյեան գրողը։
Յակոբ Փափազեան – Սարոյեանի գրող դառնալու գլխաւոր դրդապատճառը հօրը մահն է, երբ ինք երեք տարեկան էր: Իր եղբօր ու երկու քոյրերուն հետ կը ղրկուի Ֆրէտ Ֆինչ որբանոցը, ուր կը մնան մօտաւորապէս չորս տարի: Որպէս գերզգայուն մանուկ, խորապէս կը զգայ եւ կ՚ապրի հօր եւ մօր բացակայութիւնը: Այս իրադարձութիւնը կանուխ տարիքէն կը մղէ զինք մտորելու կեանքի եւ մահուան հարցադրումներուն շուրջ՝ ինչո՞ւ ապրող էակ մը կը մահանայ: Ինչո՞ւ մահը անշրջելի դէպք մըն է: Ինչո՞ւ մահը կրնայ յանկարծակիօրէն եւ անսպասելի պահու մը վերջ դնել մարդու մը կեանքին: Այս խոկումներուն ընդմէջէն ան բացարձակապէս կը «մերժէ» հօրը մահը եւ ընդհանրապէս մահուան գաղափարը: Հօրը մահը կ՚իմաստաւորէ որպէս էական կորուստ եւ սիրոյ զրկանք: Այսուհանդերձ ան կը հաւատար թէ ինք սիրուած է, թէ իր հայրը եւ մեծ հայրերը կը հսկեն իր վրայ եւ կը սիրեն զինք: Այս «հայրը» ան կ՚անուանէ Աստուած, մտքին մէջ ունենալով «սկիզբն է բանը, եւ բանն Աստուծոյ քովն է, եւ բանը Աստուած է» (Աւետարան ըստ Յովհաննու 1:1):
Անհրաժեշտ է այստեղ յիշել, թէ Սարոյեանի հայրը կը պատկանէր Երիցական (Presbyterian) եկեղեցւոյ եւ քարոզիչ էր: Հօրը հետ նոյնացմամբ ան կ՚ուզէր ըլլալ քարոզիչ, սակայն կը նախընտրէ քարոզել գրելով: Իր կարգ մը տիպարները կ՚իյնան բարոյագիտական քարոզչութեան մէջ:
ԲԱՑԱԿԱՅ ԵՒ ՆԵՐԿԱՅ ՀԱՅՐԸ
Նոյնիսկ այն պատրանքն ունի, թէ հայրը օրին մէկը ճամբայէ մը գալով պիտի գտնէ զինք: Սակայն աւելի վերջ հիւմուրով կ՚ըսէ, թէ իր հայրը պիտի չվերադառնայ, որովհետեւ ճամբաները շատ խճողուած են: Իմ վերլուծումներուս մէջ հայրը յաճախ կը ներկայացնեմ բացակայ/ներկայութիւն գրականութեան մէջ: Այլ խօսքով, հօրը մահով կ՚ընկալուի Սարոյեանի գրականութիւնը: Գրել, իրեն համար, կը նշանակէ հօրը հետ ներքին ներխօսութեան մտնել: Գրելը առիթ կու տայ հեղինակին՝ վերապրեցնելու իր հայրը գրականութեան միջոցով: Այս պատճառով իր գրականութիւնը կարելի է յատկանշել որպէս հօր փնտռտուք: Սարոյեանի խոկումները կը հասնին մինչեւ կէտ մը, որ մահուան գաղափարը կը վերածուի բնազանցական (metaphysical) հարցադրումի եւ կը յանգի գոյութենական գաղափարաբանութեան: Այսուհանդերձ կը մտածէ թէ ինչպէ՛ս կարելի է ապրիլ մահուան գաղափարին հետ: Կ՚ընտրէ գրականութեան արուեստի ճիւղը, ընտրութիւն մը, որ անջնջելի դրոշմը կը դնէ իր գրական արտադրութեան վրայ: Ըստ գերմանացի փիլիսոփայ Մարթին Հայտըկըրին՝ մարդու ամենամեծ մղձաւանջը մահուան գաղափարն է: Այս կ՚ըլլայ Սարոյեանի խորունկ գրական աշխարհահայեացքը: Մահը ներկայ է իր գրութեան իւրաքանչիւր էջին մէջ: Իր հերոսները կ՚երթան դէպի մահ, որպէս թէ անոնք դատապարտուած նկարագրեր ըլլային: Ըստ անոր, մարդու մը ծնունդը իր մահուան դատապարտութիւնն է:
ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՎԱՅՐԿԵԱՆ ԱՊՐԻԼ ՈՐՊԷՍ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Քանի մարդ դատապարտուած է մահուան, աշխարհէն իր անցքը կը հասկցուի իբր քաւարանի (purgatory) անցում: Հակառակ գոյութենական այս ողբերգութեան, Սարոյեան կրքոտ ձեւով կը կապուի կեանքին եւ սիրոյն, ինչպէս պիտի ըսէր Սենեքա (Seneca)՝ «Մարդ ամէն վայրկեան պէտք է ապրի որպէս յաւիտենականութիւն»։
«ՆՅ» – Սարոյեանի գրականութիւնը անդրադարձ է նաեւ Միացեալ Նահանգներու գաղթական հասարակութեան։ Սարոյեան գրողը յատուկ անքակտելի կապ մը կը զգայ Պիթլիսի հետ, ուրկէ հայրը գաղթած էր։
Յ.Փ. – Սարոյեան ծնած է Ֆրեզնոյի մէջ 1908-ին: Ան անձնապէս չ՚ապրիր եղեռնը: Իր գլխաւոր օրինակը կը հանդիսանայ իր ընտանիքի Պիթլիսէն գաղթը եւ Ամերիկա հաստատուիլը, ինչպէս նաեւ գաղութին մէջ հաստատուած հայ գաղթականներու պատմութիւնները: Սարոյեանի գրական հիմնական առանցքը կը կազմէ կորուստը՝ նախ հօրը կորուստը եւ այս գաղափարին նոյնացումը հայկական մեծ աղէտին: Առաջին համաշխարհային պատերազմը կ՚ապրի որպէս թերթ ծախող պատանի մը: Թերթերու վերնագրերուն վրայ կը կարդայ պատերազմի ահռելիութիւնը: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին ան կը գտնուէր Անգլիա, պատերազմը իրեն համար կը նշանակէ զանգուածային մահերու ողբերգութիւն:
ՍԱՐՈՅԵԱՆ ԻԲՐ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԳՐՈՂ
Սարոյեան մեծ ընթերցող մըն էր: Կ՚ազդուի Ուալթ Ուիթմանի բանաստեղծութիւններէն եւ Ռալֆ Իմրըսի յօդուածներէն: Անոնք կը նկատուին անդրանցական (transcendental) փիլիսոփայութեան հիմնադիրները: Այս գաղափարաբանութեան համաձայն բոլոր ապրող արարածները մաս կը կազմեն ստեղծագործութեան: Անհատի ենթակայական եսը ամբողջական է ինքն իր մէջ, իւրաքանչիւր անձ իւրայատուկ է: Ինքնագիտակից ես—ը կը մարմնաւորէ երկրի մը հոգին, բնական կեանքը եւ կենդանիները: Կեանքի հոսքը կը մտնէ տիեզերքի վրայ ապրող բոլոր արարածներուն մէջ: Սարոյեանի սկզբնական պատմուածքները ընդհանրապէս կը սկսին անդրանցական խոկումներով եւ ապա պատմուածքը կ՚առնէ իր ընթացքը: Այս մօտեցումը ազդեցութիւն կ՚ունենայ Սարոյեանի լեզուի շարադասութեան վրայ: Օրինակ մը. «Մարդ աշխարհ չի գար անծանօթէն։ Ան չի հասնիր որպէս ամբողջական արարած։ Ան ունի աշխարհի տեւողութիւնը։ Այլ խօսքով՝ ծնունդ կ՚առնէ ժամանակի մէջ եւ ենթակայ կ՚ըլլայ անոր վերիվայրումներուն։ Անհատը իր ինքնութեամբ ամբողջութիւն մը կը կազմէ։ Ան վկան է բոլոր ապրող էակներուն եւ բոլոր անոնց որոնք արդէն մահացած են»։
Սարոյեան ընդհանրապէս կը գրէ առաջին դէմքով, որովհետեւ այդ կու տայ անմիջականութիւն մը գրուած թեմային հետ: Ես—ը ըլլալով ենթական, իր մասին կը գրէ: Սակայն ես—ը կը գրէ նաեւ երրորդի մասին: Ես—ի ենթակայութիւնը գրողական արարքը կը հասցնէ գրական մակարդակի: Առաջին դէմքի գործածութիւնը ունի էաբանական յատկութիւն: Ես—եմ՝ կը գրեմ, հետեւաբար կ՚ապրիմ: Ես—ի մտորումները կ՚ենթարկուին այլաբանութիւններու, մինչեւ որ ես—ը «կորսուի» գրողական արարքի ընթացքին: Էութեան ըլլալու(է) իր ընկալումը Սարոյեանի գրական աշխարհի հիմնաքարն է:
Սարոյեան բառին իսկական իմաստով կախարդուած է գրողական արարքով (action writing), որովհետեւ գրել եւ ապրիլ հոմանիշներ են իրեն համար: Իր լեզուն հոսուն է եւ բնական, այնպէս ինչպէս կը խօսուէր իր ընկերային շրջապատին մէջ: Օսքար Ուայլտ կը գրէ, թէ մարդ հազուագիւտօրէն կ՚արտայայտուի իւրայատուկ ոճով: Ան կ՚առաջարկէ դիմակ մը դնել անոր դէմքին՝ ա՛ն ձեզի պիտի խօսի ճշմարտութիւնը: Այդ շրջանին ամերիկեան գեղագիտական ըմբռնումին մէջ հիմնականը իւրայատուկ անհատական լեզու մը ունենալն էր: Սարոյեանի գրականութիւնը տոգորուած է ուժականութեամբ եւ անհատական դրոշմով: Սարոյեանի համար մեծ կարեւորութիւն ունի պատմուածքի մը ձեւը (form): Այն հարցումին, թէ ի՞նչ է գրական այն ձեւը որ մասնաւորապէս կը յատկանշէ իր գրականութիւնը, ան կը պատասխանէ «Ամենաճիշդ ձեւը ինքզինքս է»։ Պարզապէս ան կ՚ուզէ հասկցնել, թէ իր գրական աշխատանքը կը գտնուի ինքնակենսագրութեան եւ առարկայական գրականութեան սահմանին վրայ:
Անդրանցականութեան համաձայն, ժամանակը կ՚ընկալուի որպէս տիեզերական ներկայ ժամանակ եւ այս կ՚ըմբռնուի ենթակայական ես—ի միջոցաւ: Սա առիթ կու տայ մտնելու ժամանակի եւ միջոցի կալուածներէն ներս: Սարոյեան կը գրէ՝ «Մեծ տիեզերքը ներկայութիւն մըն է, բանաստեղծը ինք անվերջ աշխարհն է, բանաստեղծութիւնը կը սկսի գրուիլ։ Նախապատւութիւն կը տրուի էապէս բարի ըլլալու գաղափարին»։
Մարդուն յարաբերութիւնը աշխարհի հետ կարեւոր տեղ կը գրաւէ այս մտածողութեան մէջ, ինչպէս Սարոյեանի արտայայտութիւններուն մէջ: Իր նկարագրերը յաճախ երկխօսական յարաբերութեան մէջ են աշխարհի հետ: «Անունս Արամ է» պատմուածքներուն մէջ «Խենթ ու խելառ» հօրեղբայրները յաճախ կը ծաղրեն աշխարհի մեծ գաղափարները: Արիստոտելի համար, ենթակայականի եւ տիեզերականի միջեւ յարաբերութիւնը մտածելու հաճելիութեան աղբիւր մըն է:
«ՆՅ» – Որքանո՞վ այժմէական է Սարոյեանի գրականութիւնը։
Յ.Փ. – Սա ամենակարեւոր հարցադրումն է հեղինակի գործերուն արժեւորման: Քսաներորդ դարու սկիզբը գաղթականներ կ՚անցնէին Էլիզ կղզիի ընդմէջէն: Սարոյեան որպէս ամերիկեան փոքրամասնութեան գրականութեան ռահվիրայ շատ գրած է անոնց մասին, տեղւոյն ժողովուրդին օտարը մերժելու հարցերուն մասին: Այսօր սակայն գաղթականութեան հարցը առած է արմատական նոր բնոյթ, դարձած է տիեզերական խնդիր: Արեւմուտքը վերածուած է զինուորականօրէն պաշտպանուած բերդի: Այսպէս ըսած, չզարգացած երկիրներու գաղթականները ամէն տեսակ միջոցի կը դիմեն մտնելու արեւմտեան «դրախտ»: Ներկայ դարաշրջանին կացութեան առջեւ Սարոյեան պիտի ըսէր. «Ճշմարտութեան գաղափարը առած է այնչափ տարբերակներ, որ կորսնցուցած է իր իւրայատուկ իմաստը»։ Սարոյեան կը գրէ նաեւ՝ «Ժամանակներու հրամայականն է վերահաստատել մարդոց հաւատքը անհատի իւրայատուկ ամբողջականութեան մէջ»։ Եկած է ժամանակը որ արուեստը դադրի արհամարհական կեցուածք ունենալէ քաղաքականութեան հանդէպ: Միաժամանակ դիւանագէտները պէտք է դաստիարակուին արուեստի գաղափարներով: Անհրաժեշտ է մեծ արուեստի մը ստեղծումը որ կարենայ ըսել թէ աշխարհը ո՞ր ուղղութեամբ պէտք է ընթանայ:
«Իմ սիրտը լեռներում է» թատերախաղին մէջ, բանաստեղծ Պէն Ալեքսանտրը, պարբերականի մը կողմէ իր բանաստեղծումներու մերժումէն ետք, կը նստի տան սեմին, կ՚ըսէ. «Շարունակեցէք սպանել մարդիկը, պատերազմ յայտարարեցէք իրարու դէմ, հաւաքեցէք հազարաւոր մարդիկ եւ յօշոտեցէք զանոնք, իրենց սրտերն ու հոգիները, հրամցուցէք անոնց տգեղութիւն, ապականեցէք անոնց երազները»։ Թատերախաղի երկու գլխաւոր տիպարները՝ Պէն Ալեքսանտր եւ Շէյքսփիրեան մեծ դերասան Ժասփըր Եաբ Եզքոն Կրեկոր յուսախաբ են, որ ընկերութիւնը չի գնահատեր արուեստը եւ բանաստեղծութիւնը: Բացի պարզ ժողովուրդէն որ դարձեալ կը պահանջէ որ Կրեկոր նուագէ իր եղջերափողին վրայ: Թատերախաղի վերջաւորութեան Ճոնին հօրը կ՚ըսէ. «Չեմ ուզեր անուններ յիշել, սակայն տեղ մը, բան մը կայ որ սխալ է այս աշխարհին մէջ»։ Սա թատերագրի նախազգացումն է Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին:
«ՆՅ» – Սարոյեանի գրականութեան մէջ ի յայտ կու գայ Կեանքի փիլիսոփայութիւն մը՝ աշխարհն ու իրականութիւնը ընկալելու, ինչպէս որ են. ողբերգութիւնները, ցաւերը, դժուարութիւնները, խնդիրները տանիլ համբերութեամբ, պարզութեամբ, զանոնք յաղթահարելու կարողականութեամբ, տրամադրութեամբ, զանոնք իբր փորձառութիւն ընկալելու։ Ինչպէ՞ս ձեւաւորուած է Սարոյեանի մէջ այս ընկալումը։
Յ.Փ. – Սարոյեանի սկզբնական գրութիւններէն մինչեւ իր վերջին հատորները ունին մարդկայնական, տիեզերական աշխարհահայեացք: Երիտասարդ գրողը խօսելով իր գրութեան մասին կ՚ըսէ, թէ ինք կ՚աշխատի վերականգնել մարդու բնական արժանապատւութիւնը եւ անոր բնական ազնուականութիւնը: Կ՚ուզէ մարդը ազատագրել պատմութեան յաճախանքէն եւ տանիլ զինք դէպի իր հանդարտ հոգիին երազը: Սարոյեան կ՚ուզէ որ մարդը իւրայատուկ ձեւով ըլլայ ինքզինքը:
Մեր ժամանակներու հրամայականն է որ ժողովուրդը հաւատայ անհատի մը ենթակայականութեան ամբողջականութեան վերածնունդին: Գրողին նպատակն է մարդը դարձնել ինքնագիտակից իր ապրած ժամանակի հարցադրումներուն: Կը մերժէ ամերիկեան ընկերութիւնը արժեւորել համաձայն Wall-Street-ի նիւթապաշտ չափանիշերուն: Գրողին բաղձանքն է հաւասարակշռութիւն բերել մարդկային տարբեր երեւոյթներու միջեւ: Սարոյեան հեգնական կեցուածք ունէր ձախերու յեղափոխական գաղափարին դէմ, որ կարգ մը երազկոտներ կ՚երազէին դրախտը հաստատել երկրի վրայ: Սակայն ան միշտ կողմնակից էր փոփոխութեան գաղափարին: Կը հաւատար որ նախ ենթական պէտք է փոխուի եւ աւելի վերջ բերէ ընկերային փոփոխութիւն: Այլ խօսքով, բարելաւել աշխարհը եւ մարդու բնութիւնը:
Փոփոխութեան հարցադրումը միշտ ալ ներկայ եղած է Սարոյեանի գրականութեան մէջ: Սակայն 1964 թուականին ինքնաքննադատական ակնարկ մը կը նետէ անցեալի իր կեցուածքներուն վրայ: Ինք կը մտածէր, թէ գրականութեան միջոցաւ պիտի կարողանար բարելաւել մարդուն բնութիւնը: Կ՚ուզէր որ իր գրողական արարքին ուժականութիւնը նպաստէ մարդուն բարելաւման: Կը ձգտէր արագօրէն խորունկ հոգեկան եւ բարոյական փոփոխութիւններ յառաջացնել մարդկային կացութեան: Կը հաւատար որ գրականութիւնը մեծ եւ կարեւոր դեր պիտի խաղար մարդուն գիտակցական ընդլայնման մէջ: Կ՚եզրակացնէ՝ տակաւին կը հաւատայ այս յղացքներուն, սակայն այս հարցերը այլեւս չեն հետաքրքրեր զինքը: Սարոյեան ոչ առաջին եւ ոչ ալ վերջին գրողը պիտի ըլլայ, որ ունենայ նման յուսախաբութիւն:
«ՆՅ» – Գաղթական ընտանիքի զաւակը ինչպէ՞ս կ՚ընդունուի ամերիկեան գրական ընկերութենէն ներս։
Յ.Փ. – Սարոյեանի անձնական փորձառութիւնները կրնան օրինակ ծառայել գրողի ձգտումներ ունեցող ոեւէ անձի: Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուի, կը շարունակէ վճռականօրէն իր ճամբան գիրի եւ գրականութեան մէջ: Իր մուտքը ամերիկեան գրականութեան մէջ կը նմանի առասպելական պատմութեան: Գրական սկզբնական փորձերէն յետոյ՝ 1933 Դեկտեմբերին, մէկ ամսուան ընթացքին ամէն օր կը գրէ մէկ կամ երկու պատմուածք եւ կ՚ուղարկէ գրական պարբերաթերթերուն: Վերջապէս «Story» պարբերաթերթը կ՚ընդունի «Յանդուգն երիտասարդը մարզաձողին վրայ» պատմուածքը: Քանի մը ամիս ետք կը հրատարակուի նոյնանուն գիրքի հատորը քսանվեց պատմուածքներով եւ անմիջապէս կը դառնայ Best seller: Սարոյեանի այս պատմուածքները գլուխ—գործոցներ են համահաւասար Ճոյսի “The Portrait of the Artist as a Young Man”-ին, որմէ ազդուած էր նաեւ Սարոյեան:
«ՆՅ» – Սարոյեանի գրականութիւնը բազմազան է եւ հսկայածաւալ, որուն ամբողջական պատկերը չունինք, որովհետեւ իր մահէն կէս դար ետք, տակաւին իր գործերը ամբողջովին հասանելի չեն. ունի բազմաթիւ չհրատարակուած ձեռագրեր։ Ինչպէ՞ս կ՚ընկալէք Սարոյեանի գրականութիւնը։
Յ.Փ. – Սարոյեանի գրական աշխարհահայեացքի ձեւաւորման մէջ մեծ դեր կ՚ունենան կարգ մը կարեւոր ազդակներ. 20-րդ դարու սկիզբը տեղի կ՚ունենան արմատական փոփոխութիւններ: Ընկերային մակարդակի վրայ, քիմիական արտադրութիւններու զարգացումները կ՚օժանդակեն ինքնաշարժներու եւ օդանաւերու հնարքին: Ելեկտրականութեան գիւտը առիթ կու տայ ձայնասփիւռի եւ շարժապատկերի հնարքին: Կը սկսին զանգուածային արտադրութեան կարելիութիւնները: Կը սկսին թերթերու պարբերականներու հրատարակութիւնները եւ անոնց արագ առաքումը: Նոյն շրջանին Այնշթայն կը գտնէ յարաբերականութեան տեսութիւնը, որ արմատականօրէն կը փոխէ միջոցի եւ ժամանակի փոխյարաբերութիւնն ու հասկացութիւնը: Այս հնարքը կը նպաստէ մարդկային ուժականութեան ընդարձակման: Ասոնք ներկայ են նաեւ Սարոյեանի երիտասարդական գրական արտադրութեան մէջ: Առաջին անգամ ըլլալով մարդը կամ գրողը աշխարհը կ՚ընկալէ որպէս մէկ ամբողջութիւն: Այս արմատական հնարքները անդրադարձ կ՚ունենան ընկերային թէ գրական մակարդակներու վրայ:
Ճարտարարուեստական յեղափոխութիւնը, որ տեղի ունեցած էր 19-րդ դարուն, անոր զուգահեռ սկսած էր աշխատանքի մեքենայականութիւնը: «Մարդկային կատակերգութիւն» վէպին մէջ, ծեր Կրոկըն կը գանգատի որ աշխատանքի մեքենայականացումը գործազրկութեան կը մատնէ աշխատաւորները: Երիտասարդ Սարոյեան կ՚ընդվզի նման երեւոյթներու դէմ: Ան կը մերժէ քաղաքակրթութեան նեղ գաղափարը՝ ինչպէ՞ս կարելի է օրէնք, կանոն ստեղծել սանձելու համար այս զարմանահրաշ ստեղծագործութիւնը որ մարդն է: Ան կը մերժէ բանաստեղծութեան, վէպի կամ պատմուածքի սահմանումները. իրեն համար մարդն է էական եւ գրողական արարքը: Սարոյեանի գրականութիւնը ցոյց կու տայ ժամանակին ընդմէջէն եղած արմատական փոփոխութիւնները եւ անոնց զուգահեռ կ՚ընթանան մարդուն հոգեբանութեան եւ աշխարհահայեացքին փոփոխութիւնները:
Քսանական թուականներուն ամերիկեան ընկերութեան քաղաքական տեսլականը եւ տնտեսական ծրագրերը կը խօսէին նոր դարաշրջանի մասին որ պիտի յաղթահարէր աղքատութիւնը: Բաւական էր քիչ մը դրամ խնայել եւ շահարկութեան դնել արժեթուղթի (stock, exchange) շուկայի վրայ: Սակայն այսպէս կոչուած ամերիկեան երազը վերջ կը գտնէ 1929-ի (Սեւ Ուրբաթ) դրամատնային տագնապին, որ յառաջ կը բերէ ամերիկեան տնտեսութեան ամբողջական փլուզում: Այդ շրջանի պատկերները սարսափելի են: Մարդիկ աղբամաններու մէջ ուտելիք կը փնտռեն: Երկար շարքերու վրայ կը սպասեն պնակ մը ապուր ունենալու համար: Ուրիշներ մանր յանցագործութիւններ կ՚ընեն բանտարկուելու եւ անվճար ճաշ ուտելու համար: Այս ծանր պայմաններուն մէջ, ձախակողմեանները տագնապին միակ լուծումը կը գտնեն ընկերվար կամ համայնավար ընկերութիւն մը ստեղծելով: Այս կացութիւնը դուռ կը բանայ նաեւ յեղափոխական պրոլետարական գրականութեան: Կարգ մը քննադատներ կը խորհին որ Սարոյեան անտարբեր էր ընկերային այս տագնապին: Անոնք բացարձակապէս կը սխալին: Որպէս նախապայման անոնք նկատի չեն ունենար թէ Սարոյեանի գրական ըմբռնումը կը մերժէ ձգտումնաւոր գրականութեան գաղափարը: Անոնք աննկատ կը թողուն Սարոյեանի պատմուածքները, որոնք ցոյց կու տան ամերիկեան դրամատիրական նիւթապաշտութիւնը:
«Հարրի» պատմուածքին մէջ Սարոյեան ճարտարութեամբ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս երիտասարդ հերոսի մը լեզուական կառոյցը կը դառնայ հիմնականօրէն առուտուրի բառագիտութեան շուրջ, այնպէս որ շուկայի վերիվայրումները եւ օրէնքները շահելու միջոցներ գաղտնիք չունին իրեն համար:
«Խաղողներ» պատմուածքը խիստ յատկանշական է, ցոյց տալու ժամանակի տնտեսական տագնապը: Փոքր երկրագործական գիւղի մը մէջ երիտասարդ տնտեսագէտ մը կը հիմնէ երկրագործական ընկերակցութիւն մը: Նախ կ՚առաջարկէ որ պէտք է ծանուցումներ ընել, պէտք է փոխել ամերիկացիներու սննդական սովորութիւնները խաղող ուտելու անհրաժեշտութեան շուրջ: Սկզբնական շրջանին խաղողներու գինը կը բարձրանայ: Ասոր կը յաջորդէ պահանջքին նուազումը եւ ընկերութիւնը կը սնանկանայ: Սարոյեան կ՚եզրակացնէ թէ խաղողը կը դադրի իր բնական համը ունենալէն, կը վերածուի առեւտրական արժեչափի: Պէտք է ըսել որ այդ շրջանին կային պրոլետարական գրութեան հերոսներ, որոնց անունները բացարձակապէս մոռցուած են այսօր:
Սարոյեանի մերժումը ժամանակի գաղափարախօսութիւններուն կը ձգտէր պահպանել իր անձնական եսակեդրոնութիւնը որ մաս կը կազմէ թէ՛ իր անձնական կեանքին, եւ թէ՛ իր արուեստին: Սարոյեան հետաքրքրուած էր մարդու առանձնութեան ողբերգութեամբ: Ան կը մերժէր իր գրականութիւնը յատկացնել յեղափոխական արձակի, այլ խօսքով կը մերժէր արտաքին գաղափարական ազդեցութիւնը գրականութեան վրայ: Ան պէտք էր ըլլար ազատ իր ենթակայական ես—ով: Հակառակ անոր որ ան կը մերժէ հաւաքական լուծումներ, կը գրէ ոճով մը, ուր ընկերային տագնապները կը ցոլանան իր տիպարներու ապրելաձեւին մէջ: Ընթերցողները կ՚ազդուին անոր գրական անհատականութեամբ, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ ընկերային դիտարկումներով:
Սարոյեանի հետեւեալ պարբերութիւնը կը ցոլացնէ ժամանակի տագնապը. «Ամերիկան ամօթաբար ինկած է ամենացած մակարդակի։ Wall-Street-ը, ամերիկեան դրամատիրութեան գլխաւոր կեդրոնը, կը նախատեսէ այս երկրին մօտալուտ փլուզումը։ Հաղորդակցութեան կեդրոնական գրասենեակները անդադար կապի մէջ են, այնպէս որ ճարտարարուեստը եւ վաճառականութիւնը կը ներկայացնեն երկրին հիմնական արժէքները»։
Ան մարդը կը սահմանէ որպէս մահուան դատապարտուած ողբերգական էակ մը:
«ՆՅ» – Սարոյեան ժամանակագրած է իր գրութիւնները։ Ինչպէ՞ս կը սահմանէք ժամանակի ընկալումը Սարոյեանի մօտ։
Յ.Փ. – Ժամանակի ըմբռնումը: Սարոյեան խորապէս հետաքրքրուած էր գրութեան եւ ժամանակի յարաբերութեամբ: Տիեզերական ժամանակը եւ գրողական արարքի ժամանակի անցքը նոյնը չեն: Ներկայ ժամանակը անցողական է, այդ անմիջապէս կը վերածուի անցեալի եւ կ՚երթայ դէպի անհունութիւն: Ապագայ ժամանակը ներկայ չէ, կը հասնի ներկայ ժամանակ եւ կ՚երթայ դէպի անցեալ: Անմիջապէս որ գործ մը աւարտէր, կը նօթագրէր՝ ե՛րբ սկսաւ գրել եւ ե՛րբ վերջացուց:
Սարոյեան ծանօթ է որպէս արմատական խաղաղասէր: Կարգ մը քննադատներ անոր գրականութիւնը կ՚որակեն խաղաղութիւն եւ սէր (peace and love) եւ կը տեղադրեն այդ պիտակին տակ: Ան կը ներկայացուի որպէս ըմբոստ հակա—հաստատութիւն (anti establishment) գրող: Այս առնչութեամբ հետաքրքրական է «Թրէսիի Վագրը» (Tracy’s tiger) վիպակը: Հեղինակը կը նկարագրէ երիտասարդ Թոմը, որ օրին մէկը վագրը առած կը պտտի Նիւ Եորքի Սուրբ Փաթրիք եկեղեցիին հրապարակը: Հաւատացեալները կը փախչին, ոստիկանները կ՚ընդմիջեն եւ կը փոխադրեն զինք հոգեբանական հիւանդանոց: Հոգեբոյժ բժիշկը վերլուծելէ ետք կը յայտարարէ թէ այս երիտասարդը նորմալ է: Երկրորդ հոգեբոյժը կ՚ըսէ թէ ան լուսնոտ է: Տեղի կ՚ունենայ լրատուական գործակալութեանց մրցակցութիւն: Սարոյեան այս վիպակով ցոյց կու տայ, թէ որքան քարացած եւ նեղմիտ է արդի ընկերութիւնը:
«ՆՅ» – Սարոյեան ինքզինք հայ գրող կը համարէ, թէեւ հայերէն լեզուով չէ գրած։ Հայկականութիւնը տեւապէս ներկայ է իր մէջ։ Ինչպէ՞ս կը վերլուծէք այս երեւոյթը։
Յ.Փ. – Ուիլիըմ Սարոյեան խորապէս սփիւռքահայ գրող է: Պատկանելիութեան հարցը յաճախ ներկայ է իր առաջին գրութիւններէն մինչեւ վերջինը: Արամ Սարոյեան կ՚ըսէ թէ իր հայրը կը ձգէ իր յատկանշական պեխերը, երբ ան աւելի կը հակի դէպի իր հայկական ինքնութիւնը:
«Պիթլիս» թատերախաղի տիպարներէն մէկը կ՚ըսէ. «Մենք պէտք չունինք մանկանման սպասումի, աշխարհագրական հայրենիք մը վայելելու համար»։ «Հայն ու աշխարհը» յօդուածին մէջ կը գրէ՝ «Եթէ մենք զրկուինք մեր բնաշխարհէն, աշխարհը կը դառնայ մեր հայրենիքը։ Եթէ մենք զրկուինք մեր կառավարութենէն, հայկական հոգին կը դառնայ մեր կառավարութիւնը»։ Սարոյեանի տիպարները տիեզերական աշխարհահայեացք ունին:
«Հայաստանի Անդրանիկը» պատմուածքին մէջ, գրողը յուսահատ իր ժողովուրդի ողբերգութիւններէն, կը մերժէ քաղաքական խաղերը եւ աշխարհը: Այդ պահուն ան կը մերժէ իր հայկական ինքնութիւնը, քիչ յետոյ կը վերադառնայ եւ կ՚ըսէ, որ ինք թէ՛ հայ է եւ թէ՛ ամերիկացի եւ թէ՛ անոնցմէ ո՛չ մէկը, այլ խօսքով, թէ առաջնահերթօրէն ան գրող է։ Չարենցի հետ հանդիպումին կ՚առաջարկէ անոր, որ Ամերիկա գայ: Չարենց կը պատասխանէ՝ «Ես հոս եմ, դուն հոն (Ամերիկա) եւ ուրիշ մը ուրիշ տեղ է, եւ թող այդպէս ըլլայ»։
«ՆՅ» – Ձեր ուսումնասիրութեան առաջին հատորին մէջ, կ՚ակնարկէք Սարոյեանի գրականութեան «քնանալ—արթննալ» զուգընթաց երեւոյթին։ Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ այս հաստատումը։
Յ.Փ. – Սարոյեանի «Յանդուգն երիտասարդը մարզաձողին վրայ» պատմուածքի ընթերցումէն ետք հարցադրեցի, թէ ինչո՞ւ հեղինակը իր գրութիւնը բաժնած է երկու պարբերութիւններու: Առաջինը խորագրած է «Քնանալ» եւ երկրորդը «Արթննալ»: Առաջին հատուածը շփոթ կը ստեղծէ իմաստային առումով, որովհետեւ պատճէնը գրուած է, լոկ, առանձին բառերով եւ շատ կարճ նախադասութիւններով: Այլ խօսքով նախադասութիւնները իրարու հետ տրամաբանական կապակցութիւն չունին: Իսկ երկրորդ մասը՝ «Արթննալ» գրուած է ամբողջական նախադասութիւններով եւ յստակ նշանակութեամբ: Մեկնաբանութիւնը կ՚ընդգրկէ վարկածը, թէ «Յանդուգն երիտասարդը» քնացած է եւ կ՚երազէ: Հոն գրուած իւրաքանչիւր բառ իր իմաստով բաղադրիչ մասն է իր երազին, թեմաներ որոնց մասին ան արդէն մտածած է եւ դարձեալ կը վերայայտնուին երազին մէջ: Թափանցելու համար բառերու ետին պահուած նշանակութեան՝ անհրաժեշտ էր վերլուծել իւրաքանչիւր բառ հեղինակին գրական նշաններուն ծիրէն ներս: Վերլուծական գործընթացի այս պահուն ունէի ֆրանսացի գրաքննադատ Ռոլան Պարթի հետեւեալ ուղեցոյցը. «Ինչ որ նօթագրուած է՝ յիշարժան է» (tout ce qui est noté est notable):
Բառերուն եւ նախադասութիւններուն փոխյարաբերութիւնները կը ներկայացնեն երազին խորքը: Անոնք կը վերաբերին անցեալի եւ այժմէականութեան կապին շնորհիւ քաղաքներու ժամանակագրական պատկանելիութեան: Հոն կը յիշուին՝ Երուսաղէմը, Հռոմը, Բաբելոնը, Էյֆէլի աշտարակը եւ Փարիզի փողոցները: Կը յիշուին գրողներ՝ Թ. Ս. Էլիոթը, Կի տը Մոփասանը: Հատուածին մէջ գրուած է «Ճատրակի խաղ մը»: Հետազօտութիւնները ցոյց տուին, թէ սա խորագիրն է Էլիոթի բանաստեղծութեան, որ կը վերաբերի սիրոյ ձախողութեան եւ մահուան, զոր երիտասարդ գրողը անպայման կարդացած ըլլալու էր: «Քնանալ» պարբերութիւնը կը վերջանայ. «Օ՜, արագընթաց կեանքի այս պահը վերջացած է, աշխարհը դիմացս է»։
«Յանդուգն երիտասարդը» արթնցած է, կը կենայ հայելիին դիմաց եւ կը խոկայ. «Միայն քնանալու պահուն կը գիտակցինք, թէ կ՚ապրինք եւ այն ատեն կ՚անդրադառնանք մենք զմեզ որպէս ապրող—մահացու էակ եւ կը յանգինք մեր իսկական էութեան»։ Անօթեցած երիտասարդ գրողը կ՚իջնէ փողոց եւ կը քալէ անտարբեր: Կը խորհի, թէ ջուրը եւ արձակը (որպէս՝ գրականութիւն) լաւ են, սակայն չեն լեցներ պարապ ստամոքսը: Կ՚երթայ «Գործազուրկներու սպասարկութեան» գրասենեակ: Տիկին պաշտօնեան կը հարցնէ. «Ի՞նչ կրնաք ընել»։ Երիտասարդը միամտաբար կը պատասխանէ, թէ կրնայ գրել, թէ ինք գրող է: Պաշտօնեան կ՚ըսէ. «Մենք ունինք ձեր հասցէն, անհրաժեշտ պարագային կապ կը հաստատենք ձեզի հետ»։
«Յանդուգն երիտասարդը» անօթեցած էր, սակայն կը մտածէր գիրքերու անվերջ ցանկին մասին, որ կ՚ուզէր կարդալ: Կ՚երթայ հանրային գրադարան եւ մէկ ժամ կը կարդայ «Բրուստ»: Մեռնելէ առաջ կ՚ուզէ անգամ մը եւս կարդալ Համլէթը եւ Մարք Թուէյնի «Հագլպէրրի Ֆինն» վէպը: Այս պահուն կը մտածէ նամակ մը գրել եւ ապրելու խնդրանք ներկայացնել: Հոն տեղի կ՚ունենայ «Յանդուգն երիտասարդ»-ի անցումը դէպի Աստուած կամ ոչնչութիւն: Կէսօրէ ետք կը վերադառնայ իր սենեակը, սուրճ մը կը պատրաստէ, չորս կողմ կը նայի: Ոչ մէկ պատկանելիութիւն ունի: Ծախած էր իր ժամացոյցը (կամ իր կեանքին ժամանակը կորսնցուցած): Ծախած էր գիրքերը ութսուն հինգ սէնթի: Կը բարկանայ որ յարգանք չէ մնացած գրողին եւ գիր գրականութեան հանդէպ: Երիտասարդ «Թրափեզիստը» իրեն յատուկ շնորհալի շարժումով կը հեռանայ իր մարմինէն: Դէմքը կը դարձնէ դէպի անհուն երկինքը, կը տեսնէ իր դիմացը տարածուած անհուն տպագրուած էջեր: Այս տեսարանը կը նշանակէ իրեն, թէ իր էութիւնը գիրի եւ գրականութեան մէջ է: Որոշումը կայացուած է. ինք աներակ է, ողջ—առողջ եւ կատարելապէս ամբողջական: Ապագայ ընթերցումները ցոյց պիտի տան, թէ քնանալ—արթննալ երեւոյթները յաճախ ներկայ են Սարոյեանի գրականութեան մէջ: Սակայն ինչո՞ւ այս երեւոյթը մեծ տարողութիւն կը ներկայացնէ հեղինակին գրականութեան մէջ:
«Յիշողութեան անիւները» իւրայատուկ արձակ բանաստեղծութիւն մըն է: Հոն կը նկարագրուին ամբողջ ընտանիքին անդամները սայլի մը վրայ, կը փոխադրուին նոր տուն մը, Սանկըր քաղաքէն Ֆրէզնօ: Այդ ժամանակ հեղինակը երկու տարեկան էր, իր հօրը մահէն երկու տարի առաջ: Այս պատկերները կը յիշէ մէջ ընդ մէջ, քնանալու եւ արթննալու պահերուն միջոցին: Սակայն երբ կ՚արթննայ, ժամանակները փոխուած կը գտնէ, իր հայրը արդէն մահացած է եւ ինք ողջ է, կ՚ապրի: Այս նիւթին շուրջ Սարոյեան յաճախ գրած է պարզապէս ընկալելու հօրը պատկերը: Այս առնչութեամբ ան կը գրէ. «Մարդուն յիշողութիւնը իր իսկական սկիզբն է, իր ստոյգ ծնունդը»։
Նման ընկալուած ժամանակ մը շարունակական կենսական կարեւորութիւն ունի անհատին համար, մինչեւ այն կէտը, ուր ան կը վերյիշէ եւ կ՚իմաստաւորէ այդ բացառիկ պահը։ Այս երեւոյթին յաճախակի կրկնութեամբ կը յստականայ գոյութենական պահը յատկանշուած՝ հօրը անհետ կորուստին, իր մտածողութեան մէջ:
Սարոյեան իր գրութիւններուն մէջ յաճախ կը ստեղծէ անսպասելի առնչութիւններ իր մտային յղացքներուն միջեւ: Օրինակ վէպի իր սահմանումին մէջ կը գրէ. «Սապէս բան մը կայ, որ կը կոչուի արթուն ըլլալ եւ գիտակից իր իսկ արթնութեան»։ Վէպը հաւաքածոյ մըն է պատմուածքներու, շարք մը մարդոց արթնութեան շուրջ, մէկ մարդու արթնութեան ընդմէջէն:
«Յանդուգն երիտասարդը մարզաձողին վրայ»-ն կարելի է նկատել Սարոյեանի գրական մանիֆեստը: Այս պատմուածքին մէջ կան հեղինակին բոլոր գրական նշանները եւ թեմաները, զորս ան պիտի զարգացնէ իր ապագայ ինքնակենսագրութիւններուն, պատմուածքներուն, վէպերուն եւ թատերախաղերուն մէջ: Իսկ նոյնանուն գիրքին պատմուածքներու ժողովածուն կը նշանագրէ Սարոյեանի մուտքը ամերիկեան գրականութենէն ներս:
Հարցազրոյցը վարեց՝
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ ■
Ստորեւ ոչ—ամբողջական ցանկ մը Սարոյեանի հայերէնի թարգմանուած գործերուն.
– «Ուիլիըմ Սարոյեան – հայն ու աշխարհը» — կարճ պատմուածքներու ժողովածու, հրատարակութեամբ Մագսուտ Մագսուտեանի, Անթիլիաս—Լիբանան 1949
– «Յանդուգն երիտասարդը մարզաձողին վրայ»
– «Մարդկային կատակերգութիւն» — Անտարես հրատարակչութիւն, Երեւան, 2020
– «Անունս Արամ է» — Անտարես հրատարակչութիւն, Երեւան, 2021
– «Ռոք Վագրամ» — Անտարես հրատարակչութիւն, Երեւան, 2021
– «Վիլիամ Սարոյեան – գրուածքներու հաւաքածոյ» — Նայիրի հրատարակչութիւն, Երեւան, 1991
– «Վիլիամ Սարոյեան – Ընտիր երկեր» — Նայիրի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2008
– «Վիլիամ Սարոյեան – Պատմուածքներ, հարցազրոյցներ, էսսէներ, նամակներ, յուշեր» — Նյաիրի հրատարակչութիւն, Երեւան 2010
– «Վիլիամ Սարոյեան – Մարդկութեան տունը» — Երեւանի Պետական Համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2008
– «Վիլիամ Սարոյեան – Բան մը ունեմ ասելու – հինգ թատերախաղեր» — ՀԳՄ հրատարակչութիւն, Երեւան, 2012
– «Վիլիյամ Սարոյեան – Հայկական եռագրութիւն – Հայերը, Բիթլիս» — ՀԳՄ հրատարակչութիւն, Երեւան, 2008
– «Վիլիամ Սարոյեան – Ընտիր երկեր — Պատմուածքներ, պիէսներ, վիպակներ» — Նայիրի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2008
– «Վիլիամ Սարոյեան – Մատենագիտութիւն» — Հայաստանի Ազգային գրադարանի հրատարակութիւն, Երեւան, 2008
– «Հանդիպումներ Ուիլիըմ Սարոյեանի հետ» — Խմբագրութեամբ Պօղոս Սնապեանի, Համազգայինի Վահէ Սէթեան հրատարակչատուն, Պէյրութ, 1979։ ●