Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մևլիւթ Չաւուշօղլու յայտարարած է, թէ Հայաստանի իր պաշտօնակից Միրզոյեան եւ հայ-թրքական բանակցութիւններուն Հայաստանի ներկայացուցիչ Ռուբինեան հաւանաբար պիտի մասնակցին Անթալիոյ դիւանագիտական խորհրդաժողովին։ Լուրը հաղորդած է Թրքական NTV.com կայքը։
Չաւուշօղլու աւելցուցած է, թէ այդ նոյն խորհրդաժողովին պիտի մասնակցի նաեւ Ազէրպայճան։