ՉԻՆԱՍՏԱՆ – Փաշինեան եւ Էրտողան հանդիպում ունեցած են

Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովի շրջանակին մէջ կայացած է Հայաստանի վարչապետին եւ Թուրքիոյ նախագահին հանդիպումը։

Զրուցակիցները ընդգծած են տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման միտող քայլերուն կարեւորութիւնը։

Փաշինեան եւ Էրտողան շեշտած են շինիչ մօտեցումներու պահպանման անհրաժեշտութիւնը՝ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի ստեղծման եւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու զարգացման նպատակով։

Կողմերը համաձայնած են շարունակել երկխօսութիւնը։