Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանրային քննարկման ներկայացուցած է օրէնքի նախագիծ մը, որով կ՚առաջարկուի պարտադիր զինուորական ծառայութեան շրջանը կրճատել 6 ամսով եւ սահմանել 18 ամիս՝ 2026-ի ամառնային զօրակոչէն սկսեալ։
Նախագիծը հրապարակուած է e-draft.am կայքին վրայ։
Առաջարկը հիմնուած է ՀՀ կառավարութեան 2021-2026 ժամանակաշրջանի ծրագրով նախատեսուած՝ պարտադիր զինուորական ծառայութեան շրջանը կրճատելու անհրաժեշտութեամբ:
Նախագծի ընդունմամբ կը կանխատեսուի պարտադիր զինուորական ծառայութեան կազմակերպման յատկացուող ծախսերու նուազում՝ 2028-էն սկսեալ, քանի որ 2026-ի ամառնային զօրակոչի շրջանակին մէջ Յուլիս 1-էն սկսելիք 18-ամսեայ ծառայութեան շրջանը կ՚աւարտի 2027 Դեկտեմբեր 31-ին:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։