Պաքու անհիմն կ՚որակէ Լաչինի միջանցքը փակելու եւ մարդասիրական աղէտ ստեղծելու վերաբերեալ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մեղադրանքները եւ Երեւանէն կը պահանջէ «վերջ տալ Ազերպայճանի ինքնիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան դէմ յայտարարութիւններուն ու գործողութիւններուն»:
Հակադարձելով Հայաստանին` Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը անգամ մը եւս յայտարարած է, թէ Ղարաբաղի Հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման համար միջազգային գործիքակազմ ստեղծելու կոչերը անընդունելի են, քանի որ «Ազերպայճանի Ղարաբաղի շրջանը ապրող Հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցը Ազերպայճանի ներքին գործն է»:
Նշենք, թէ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Դեկտեմբեր 13-ին յայտարարած էր, թէ «Պաքուի գործողութիւնները կրնան յանգեցնել մարդասիրական աղէտի, միջազգային հանրութեան՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող եւ անդամ երկիրներու ուշադրութիւնը հրաւիրելով Լաչինի միջանցքին ստեղծուած կացութեան վրայ։
Ընդգծելով Լեռնային Ղարաբաղի Հայութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման միջազգային գործիքակազմերու գործարկման կամ վերագործարկման անհրաժեշտութիւնը՝ Հայաստանի Արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը շեշտած էր, թէ այս նպատակով յառաջիկային խորհրդակցութիւններ կը սկսին միջազգային գործընկերներու հետ: