Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Պաքու «կեղծ» որակած է ներթափանցման մասին Երեւանի հաղորդումը եւ կը պահանջէ իր զինուորները

Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Այխան Հաճիզատէ «կեղծ» որակած է՝ իր զինեալներուն կողմէ Հայաստանի տարածք ներթափանցման եւ հայ երկու զինուորի առեւանգման մասին Երեւանի հաղորդումը:

“Հայաստան երբեք դաս չի քաղեր իր սխալներէն: Իր գրգռութիւններուն համար ներողութիւն խնդրելու փոխարէն հայկական կողմը կեղծ լուրեր կը տարածէ։ Հայաստան պէտք է դադրեցնէ գրգռութիւնները, վերադարձնէ պահուող ազերպայճանցի զինուորները և տեղեկութիւն տրամադրէ անհետացած 3 հազար 890 անձերու մասին”,– APA լրատու գործակալութեան համաձայն՝ ըսած է Հաճիզատէ: