Ապրիլ 19-ին, Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ պատասխան կրակ բացած է Սիւնիքի մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ:
«Ապրիլ 18-ին, մօտաւորապէս ժամը 22:35-ին, Հայաստանի զինուած ուժերու՝ Գորիսի շրջանին մէջ տեղակայուած ստորաբաժանումները թեթեւ զինատեսակներով կրակ բացած են ազերպայճանական բանակի դիրքերու ուղղութեամբ։ Բանակն ալ համարժէք պատասխան քայլերու ձեռնարկած է նշեալ դիրքերու ուղղութեամբ»– յայտարարած է Պաքու։
Հայկական կողմը իր դիրքերու ուղղութեամբ կրակոցներու մասին չէ հաղորդած, սակայն հերքած է հրադադարի խախտման մասին՝ Ազերպայճանի ռազմական գերատեսչութեան պնդումը:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։