Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Հայաստան ճիշդ հետեւութիւններ չէ ըրած 44-օրեայ պատերազմէն»

Պաքու արձագանգած է Երեւանի՝ ՄԱԿ-ի ներկայացուցչին ուղղած բողոքին

Ազէրպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Լեյլա Ապտուլլաեւա պատասխանելով Շուշիի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին ՄԱԿ-ի պատուիրակին մասնակցութեան դէմ Կազմակերպութեան Հայաստանի ներկայացուցչին ուղղուած ՀՀ ԱԳՆ-ի բողոքին վերաբերեալ հարցումին, յայտարարած է.– “Ազէրպայճանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներուն մէջ որեւէ ձեռնարկի կայացման  եւ անոր՝ միջազգային ներկայացուցիչներու մասնակցութեան հարցը Հայաստանի իրաւասութեան ենթակայ չէ”։ Լուրը հաղորդած է minval.az։

Ապտուլլաեւա անընդունելի համարած է Հայաստանի միջամտութիւնը «մէկ այլ պետութեան ներքին գործերուն»:

“Հայաստանի շարունակական տարածքային պահանջները Ազէրպայճանի դէմ կ՚ապացուցեն, որ այդ երկիրը ճիշդ հետեւութիւններ չէ ըրած 44-օրեայ պատերազմէն։ Հայաստանի ԱԳՆ-ի այս դիրքորոշումը՝ տարածաշրջանին մէջ,  միջազգային հանրութեան առաջատար անդամներու հետ միատեղ Ազէրպայճանի ձեռնարկած խաղաղապահ ջանքերը խոչընդոտելու փորձ մըն է”,– ըսած է ան, եւ աւելցուցած, թէ Շուշին «Ազէրպայճանի բուն տարածքն է»։

“Ազէրպայճանական մշակոյթի բնօրրան այս քաղաքը, այլ տարածքներու հետ միասին, ազատագրուած է 2020-ին, վերականգնած է մեր հողային ամբողջականութիւնը։ ՄԱԿ-ը երբեք չէզոք կեցուած չէ որդեգրած նախկին հայ-ազէրպայճանական հակամարտութեան նկատմամբ, ընդհակառակն, աջակցած է Ազէրպայճանի հողային ամբողջականութեան՝ Կազմակերպութեան Անվտանգութեան խորհուրդին կողմէ ընդունուած բանաձեւերով։ Այս առումով պարզ չէ, թէ ի՞նչ «չէզոք կարգավիճակ»-ի վերականգնման կոչ կ՚ընէ Հայաստանի ԱԳՆ-ն։

Եզրափակելով՝ կ՚ուզէինք կրկնել, թէ որքան շուտ Հայաստան ընդունի տարածաշրջանի յետպատերազմեան իրողութիւնները, այնքան աւելի օգտակար կ՚ըլլայ իրեն համար”,– ընդգծած է ազէրպայճանցի պաշտօնատարը։