Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Պաքու ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններուն կոչ ըրած է կասեցնելու Հայաստանին աջակցող Սփիւռքի դրամահաւաքի ձեռնարկները

«Հայաստան» հիմնադրամը, Հայ դատը եւ ՀՅԴ-ն՝ թիրախներու շարքին

ՊԱՔՈՒ, «Ազերնիուզ»․- ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներուն յղուած նամակով մը, Ազէրպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ըրած է կասեցնելու Հայաստանին աջակցելու նպատակով հայկական Սփիւռքի տարածքին տեղի ունեցող դրամահաւաքի ձեռնարկները, պնդելով որ՝ Հայաստան բարեսիրական կազմակերպութիւնները կը չարաշահի՝ Ազէրպայճանի գերիշխանութեան վնաս հասցնելու իր ծրագրերուն համար։

Նամակին մէջ կը պնդուի, թէ 44-օրեայ պատերազմին եւ անկէ ետք, Հայաստանի կառավարութիւնը բազմաթիւ երկիրներու մէջ գործող սփիւռքեան կառոյցներու միջոցով կազմակերպած է «դրամահաւաքի ապօրինի արշաւներ` մարդասիրական օգնութեան անուան տակ» եւ միջազգային ելեւմտական համակարգեր օգտագործած է՝ նուիէրներ հանգանակելու նպատակով:

«Այդ արշաւներու ընթացքին հաւաքուած գումարները օգտագործուած են Ազէրպայճանի ինքնիշխան տարածքներուն մէջ քաղաքացիներու դէմ ահաբեկչական գործողութիւններ կատարելու նպատակով»,  կը պնդէ այդ երկրին Արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Պաքու կը շեշտէ, թէ Հայաստանի պետական ներկայացուցիչներու յայտարարութիւններուն եւ հայաստանեան հասարակական աղբիւրներու տուեալներուն հիման վրայ, միայն 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին 73 երկիրներու մէջ Սփիւռքի կազմակերպութիւնները հաւաքած են աւելի քան 170 միլիոն տոլար, որուն 110 միլիոնը փոխանցուած է Հայաստանի պետութեան՝ «ռազմական ծախսերը հոգալու համար»:

Այդ կապակցութեամբ, Պաքու կոչ կ՛ընէ ՄԱԿ-ի անդամ բոլոր երկիրներուն, որ իրենց միջազգային պարտաւորութիւնները յարգելով՝ ձեռնարկեն լուրջ հակազդեցութեան միջոցներու` իրենց տարածքներուն մէջ արձանագրուած եւ «վերոյիշեալ անօրինական գործողութիւններով զբաղող կառոյցներուն դէմ»։

Պաքու Սփիւռքի մէջ այս արշաւներուն գլխաւոր պատասխանատուները կը նկատէ «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամը, ՀՅԴ-ի Միացեալ Նահանգներու կազմակերպութիւնը եւ «անոր լոպիական թեւը հանդիսացող» Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը, պնդելով, որ այս վերջինին նպատակն է Արցախի տագնապին երկարաձգումը, «թունաւոր» որակելով Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները պաշտպանելու նպատակով Հայ դատին տարած  գործունէութիւնը եւ պնդելով, որ ան «ի մի կը բերէ հայ ազգայնամոլները»։

Պաքու նաեւ «ծայրայեղական եւ ծաւալապաշտական» որակած է ՀՅԴ-ն։