Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Պաքուի զինումը անմիջապէս կասեցնելու պահանջով երկկուսակցական բանաձեւ ամերիկեան Ծերակոյտին

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի դեմոկրատ ատենապետ Պապ Մենենտեզ եւ նոյն յանձնախումբի հանրապետական բարձրաստիճան անդամ Մարքօ Ռուպիօ Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27-ին Ծերակոյտին ներկայացուցած են Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ ազերպայճանական նորագոյն յարձակումը դատապարտող, ինչպէս նաեւ Պաքուին ամերիկեան ռազմական աջակցութիւններու անմիջական կասեցումը, եւ հայ գերիներու անյապաղ ազատ արձակումը պահանջող երկկուսակցական բանաձեւ մը, որ նաեւ Ալիեւի բռնապետական վարչակարգին դէմ պատիժներ սահմանելու եւ Հայաստանին ու Արցախին յաւելեալ աջակցութիւն տրամադրելու կոչեր կ՚ընէ։

“Հայկական տարածքներու եւ քաղաքացիական ենթակառոյցներուն վրայ Ազերպայճանի յարձակումը մարդկային կեանքի հանդէպ արհամարհանքի սարսափելի ցուցադրութիւն է: Որովհետեւ տարածաշրջանի համայնքները, ներառեալ Կապանը, Գորիսը, Ջերմուկը, Վարդենիսը եւ Ճակատէնը կը տառապին Ալիեւի վարչակարգի յարձակումներէն, Ամերիկա պէտք է աջակցութեան խօսքերու կողքին, գործնական քայլերու դիմէ՝ նեցուկ կանգնելով  Հայաստանի ժողովուրդին”,– ըսած է Մենենտեզ:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան  ողջունած է ծերակուտականներուն այս ջանքերը, որոնց շնորհիւ վերջապէս կրնայ իր նպատակին ծառայել Ազերպայճանին ռազմական աջակցութիւններու կասեցման համար վաւերացուած թիւ 907 յաւելուածը։

Նախապէս, Ներկայացուցիչներու տան յղուած էր նման բանաձեւ մը, առաջնորդութեամբ գոնկրէսականներ Ճեքի Սփիրի եւ Էտըմ Շիֆի։

Յիշեցնենք, որ Ազերպայճանի զինումը կասեցնելու նպատակով, Մենենտեզ աշխատանք կը տանի նաեւ նախագահէն խլելու այն իրաւասութիւնը, որով գործադիր իշխանութիւնները կրնան շրջանցել նշեալ 907 յաւելուածը։

Մենենտեզ աւելի կանուխ յղուած նամակով մը ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընէն պահանջած էր, որ Ուաշինկթըն անյապաղ կասեցնէ Պաքուին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական բոլոր աջակցութիւնները, խստօրէն դատապարտելով Հայաստանի վրայ Ազերպայճանի յարձակումները։