Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Պաքուի մէջ կազմակերպուած բողոքի ցոյցին շուրջ 100 հոգի ձերբակալուած է

 

Հոկտեմբեր 24-ին, Պաքուի կեդրոնը կազմակերպուած ընդդիմութեան ցոյցին շուրջ 100 հոգի ձերբակալուած է։

Ազերպայճանի Ժողովրդական ճակատի առաջնորդ Ալի Քերիմլիի կոչին արձագանգելով՝ ցուցարարները փորձած են համախմբուիլ Պաքուի քաղաքապետարանին առջեւ, տեղական իշխանութիւններէն պահանջելով յարգել ցոյցերու ազատութեան սահմանադրական չափանիշը, ինչպէս նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրել 44-օրեայ պատերազմին մասնակից Ազերպայճանցիներու շրջանակին մէջ ծայր առած անձնասպանական դէպքերու վրայ։