Յունուար 26-ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին, Ազէրպայճանի մէջ Ռուսաստանի դեսպան Միխայէլ Պոչարնիքով յայտարարած է, թէ ցարդ ռուսական ընկերութիւնները 14 դիմում ներկայացուցած են Լեռնային Ղարաբաղի նախագծերու իրականացման համար։
Ան աւելցուցած է, թէ անոնց մեծ մասը պայմանագրային նախագծեր են, բայց կան նաեւ ներդրումային ծրագրեր՝ արդիւնաբերութեան եւ գիւղատնտեսութեան ոլորտներուն մէջ։