Համբաւաւոր Michelin խոհագիտական ուղեցոյցի (guide gastronomique) նոյնքան համբաւաւոր մրցակիցը՝ Gault & Millau-ն անցեալ շաբաթ յայտարարած է Պելճիքայի եւ Լիւքսենպուրկի 2026 թուականի իր մրցանակներու ցանկը։«Տարուան խոհարարը» ամէնէն հեղինակաւոր մրցանակը շնորհուած է հայազգի պելճիքացի խոհարար Կարէն Թորոսեանին՝ Պրիւսէլի (Իքսէլ) մէջ գտնուող Bozar ճաշարանին համար, որ արժանի նկատուած է 17,5/20 նիշին։
Խիստ յուզուած, Թորոսեան ըսած է. “Երազ մըն է որ կ՚իրականանայ։ Պելճիքա հասայ 18 տարեկանիս… աներեւակայելի է”։ Ան իր խօսքը ծափահարութիւններու ներքոյ եզրափակած է. “Շնորհակալ եմ։ Ձեզ կը սիրեմ” բացագանչութեամբ։