Պելճիքա-Հայաստան Առեւտուրի պալատի հիմնադիր Վալերի Սաֆարեան
Պելճիքա—Հայաստան Առեւտուրի պալատը Հոկտեմբեր 9-11 պիտի իրականացնէ Հայաստանի մէջ իր յաջորդական տնտեսական առաքելութիւնը, որ այս տարի յատուկ նշանակութիւն ունի, նկատի ունենալով Պալատի գործունէութեան 20-ամեակը։
Առաքելութեան շրջանակին մէջ տեղի պիտի ունենայ Պալատի նախագահ Վալերի Սաֆարեանի, Հայաստանի մէջ Պելճիքայի դեսպան Էրիք տը Միւնքի եւ պելճիքացի գործարար, Pluritech-ի հիմնադիր Էրիք Վինսի մամլոյ ասուլիսը՝ Հոկտեմբեր 9-ին, Արմէնփրէսի մամլոյ սրահին մէջ (Աբովեան 9)։
Այս առթիւ Հայաստան պիտի ժամանեն շուրջ մէկ տասնեակ պելճիքացի գործարարներ՝ ապահովագրութեան, առողջապահութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութեան, շինարարութեան եւ այլ ոլորտներէ, որոնցմէ ոմանք արդէն Հայաստանի մէջ գործակցութեան կարելիութիւններ գտած են եւ աշխուժ աշխատանք կը տարուի այդ ուղղութեամբ։
Պալատը յաջողած է իր առաքելութեան մէջ ներգրաւել նաեւ արդիւնաբերական, հանքարդիւնաբերական եւ շինարարական ոլորտներու համաշխարհային այնպիսի առաջատար կազմակերպութիւն մը, ինչպէս հանքարդիւնաբերական ոլորտի մեքենաներու պահեստամասերու առաջատար մատակարարներէն Bimex-ը։
Եռօրեայ այցի ընթացքին առաքելութեան մասնակիցները ներկայ պիտի ըլլան Հայաստանի մէջ Պելճիքայի դեսպանին անմիջական մասնակցութեամբ կայանալիք 20-ամեակին նուիրուած տօնական ընդունելութեան։ Նախատեսուած են նպատակային յատուկ գործարարական հանդիպումներ, մասնակցութիւն DigiTec Armenia Expo-ի բացումին։
Հայաստան—Պելճիքա Առեւտուրի պալատի գործընկեր Bana Angels-ի նախաձեռնութեամբ ներդրողները առիթ պիտի ունենան բացառիկ այցելութիւններ կատարելու համաշխարհային համբաւ ունեցող ընկերութիւններ, ինչպէս օրինակ՝ PicsArt-ը, TUMO-ն, Nvidia-ն, Adobe-ն, ServiceTitan-ը։
Պելճիքա—Հայաստան Առեւտուրի պալատը ստեղծուած է Վալերի Սաֆարեանի կողմէ 2005-ին՝ նպաստելու համար Պելճիքայի եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան։ Այս 20 տարիներու ընթացքին Պալատը դարձած է վստահելի հարթակ մը՝ միաւորելով գործարար համայնքները, խթանելով ներդրումները եւ զարգացնելով նոր գործընկերութիւններ։
Մանրամասնութեանց համար.-
– Արմինէ Հարէեան / ԼիլիթԳասպարեան
+32 488 03 83 17/ +37393632040