Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Պելճիքայի Ֆլամանական խորհրդարանին մէջ Արցախի վերաբերեալ բանաձեւ ընդունուած է

ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի աշխատանքներուն շնորհիւ՝ Պելճիքայի Ֆլամանական խորհրդարանի Արտաքին քաղաքականութեան յանձնաժողովը Արցախի վերաբերեալ բանաձեւ ընդունած է՝ Ազերպայճանի կողմէ փակուած Բերձորի միջանցքին անյապաղ բացման եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ազերպայճանական զօրքերու հեռացման պահանջներով։

Բանաձեւին մէջ արձանագրուած է, որ Բերձորի միջանցքը, Արցախը Հայաստանի Հանրապետութեան կապող կենսական կարեւոր օղակ է, որ փակուած է Ազերպայճանի կողմէ։ Շրջափակումը մարդկային ճգնաժամ կը յառաջացնէ Արցախի տեղաբնիկ հայ բնակչութեան համար եւ կը խոչընդոտէ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներուն, մարդասիրական օգնութեան մուտքն ու տնտեսական կարելիութիւնները։ Յանձնաժողովը կոչ կ’ուղղէ Ազերպայճանին` անյապաղ վերացնելու շրջափակումը` ապահովելով ապրանքներու, ծառայութիւններու հոսքն ու մարդոց տեղաշարժը միջանցքէն։

Աւելի՛ն, բանաձեւին մէջ ընդգծուած  է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ազերպայճանական ուժերու անյապաղ հեռացման անհրաժեշտութիւնը։ Նշուած է, որ ինքնիշխան պետութեան սահմաններուն մէջ օտար զինուորական ուժերու ներկայութիւնը միջազգային իրաւունքի խախտում է եւ ինքնիշխանութեան սկզբունքներու խաթարում։ Բանաձեւը կոչ կ’ուղղէ Եւրոպական Միութեան` դրդելու Ազերպայճանը, որ դադրեցնէ իր թշնամական քաղաքականութիւնը հայ ժողովուրդին դէմ եւ ապահովէ Արցախի բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը, որ կանգնած է ցեղասպանութեան վտանգի առջեւ։