Օգոստոս 16-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի ուխտի օրուան առիթով, վանքի համանուն մատրան մէջ մատուցուած պատարագի աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս իր հայրապետական պատգամը յղած է հաւատացեալ ժողովուրդին կեդրոնանալով Հայաստանի ներկայ անորոշ ու մտահոգիչ կացութեան վրայ:
Վեհափառ Հայրապետը ընդգծած է եկեղեցւոյ կեանքին մէջ սուրբերուն առանցքային դերակատարութիւնը եւ անոնց տօներու նշման առթած հրաւէրը՝ մեր հաւատքը ամրապնդելու եւ քրիստոնէական ինքնութիւնը բիւրեղացնելու, յատկապէս ներկայ աշխարհի երեւելի եւ աներեւոյթ չարերուն ու չարիքներուն դիմաց։ Այս առիթով, Հայրապետը թարգմանը դառնալով հաւատացեալներուն, աղօթք վերառաքած է՝ խնդրելով Ամենակալէն բարի գործերու յաջողութիւն, ճամբորդներուն ապահովութիւն, հիւանդներուն առողջութիւն, կարիքաւորներուն օգնութիւն, հայ ազգին միութիւն։
Խօսելով Հայաստանի ներկայ կացութեան մասին, Նորին սրբութիւնը դիտել տուած է, որ Հայաստանի անկախութիւնը, անվտանգութիւնն ու ամբողջականութեան ամուր պահպանումը կիզակէտն է Հայրապետին եւ հայրապետական Սուրբ Աթոռին մտահոգութեանց, իսկ այս գծով Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին տեսակէտները ու առաջադրանքները յստակ ու հետեւողական կերպով կը պարզուին հրապարակային զանազան առիթներով։
«Հայաստան այսօր իրողապէս կը գտնուի ներքին ճեղքերու առաւել խորացումով ու աննախատեսելի հետեւանքներով յղի պայմաններու մէջ»,– ըսած է Արամ Ա. կաթողիկոս, նշելով ներքին ճակատի վրայ իշխանութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւնը, իսկ արտաքին ճակատի վրայ, վերջերս Ուաշինկթընի մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին միջամտութեամբ ու վկայութեամբ կնքուած Հայաստան-Ազերպայճան համաձայնագիրը։ Վեփափառ Հայրապետը շեշտած է, թէ «հարկ է կարեւորութեամբ անդրադառնալ, թէ մեր եկեղեցին մեր ազգին ինքնութեան կարեւորագոյն ազդակներէն եւ մեր գոյութեան ամէնէն զօրեղ կառոյցներէն մէկն է, անկասկած: Բոլոր պայմաններուն մէջ, պէտք է զայն պահել կազմակերպ՝ իր ներքին կեանքով, ու ամուր՝ իր հայրենակերտ ու ազգաշէն առաքելութեամբ»:
Խօսելով ստորագրուած յիշեալ համաձայնութեան մասին, Նորին սրբութիւնը մտահոգութեամբ անդրադարձած է դարերու ընթացքին մեծ ուժերու կողմէ յաճախ կռուախնձոր դարձած Հայաստանին՝ այսօր աշխարհաքաղաքական ուժերու բախումի հանդիսարան դառնալու վտանգին ենթակայ ըլլալուն: Առ այդ, ան ահազանգ հնչեցուցած եւ յորդորած է ըլլալ արթուն եւ զգուշ, որովհետեւ նորը շինելու հեռանկարով հինը մոռացութեան դատապարտելու փորձը, մեզ անցեալին ու ապագային կապող կամուրջները քանդելն ու Հայաստանը Սփիւռքէն հեռացնելու ճիգերը մեզ կրնան առաջնորդել դէպի ազգաքանդում:
Հուսկ, Հայրապետը մէջբերելով պատմահայր Մովսէս Խորանցիի «Ողբ»-էն, յայտնած է. «Սա պահուն “ցաւալի ու տխուր” խօսքէն անդին, արթնութեան ու պատասխանատուութեան կոչ պիտի ուղղենք հայրենի մեր սիրելի ժողովուրդին. սթափի՛ր, յուսահատութեան ու անտարբերութեան ալիքներուն մէջ տատանող հայրենի՛ ժողովուրդ, դուն ըսելիք ու ընելիք ունիս, որովհետեւ իշխանութիւնը դո՛ւն ես, պետութիւնը դո՛ւն ես, եկեղեցին դո՛ւն ես, հետեւաբար, նաեւ Հայաստանի ապագայ ընթացքը ճշդողը դո՛ւն պիտի ըլլաս»:
Հայրապետը եզրափակած է իր պատգամը կոչ ուղղելով դադրեցնել լոզունգներու ու ամբաստանութիւններու, սպառնալիքներու ու ձերբակալութիւններու հայրենաքանդ արշաւը եւ սկսելու լուրջ քննարկումներու գործընթաց՝ յարգանքի մթնոլորտի մէջ եւ օրէնքի ու իրաւունքի սահմաններէն ներս: «Ա՛յս կը պահանջէ Հայրենիքը: Ա՛յս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ կոչուած են գործելու Հայրենիքին հզօրութեան, եկեղեցւոյ պայծառութեան ու ազգին միութեան նախանձախնդիր ու պաշտպան բոլո՛ր պատասխանատուները»:
Պատարագի մատուցման, մատաղի ու խաղողի օրհնութեան եւ հայրապետական պատգամի աւարտին, ժողովուրդի ուխտաւոր զաւակները հաղորդութիւն ստացած են, ինչպէս նաեւ օրհնուած մատաղ ու խաղող։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։