Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան Նոյեմբեր 28-ին Պոլսոյ մէջ մասնակցած է «Զերօ թափօն» (Zero Waste Forum) համաշխարհային համաժողովի բացման արարողութեան։ Համաժողովը համախմբած էր գիւղատնտեսութեան ոլորտը համակարգող շուրջ երկու տասնեակ նախարարներ եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

Համաժողովի ծիրէն ներս Պապոյեան զրոյցներ ունեցած է Թուրքիոյ, Իրանի, Ազերպայճանի, Մոլտաւիոյ եւ Իրաքի Գիւղատնտեսութեան նախարարներուն հետ։
Յատուկ կարեւորութիւն ունեցած է Գէորգ Պապոյեանի զրոյցը Թուրքիոյ Գիւղատնտեսութեան եւ անտառատնտեսութեան նախարար Իպրահիմ Եումաքլըի հետ։

Կողմերը քննարկած են Կարս-Գիւմրի երկաթուղային հաղորդակցութեան վերաբացման կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ TRIPP ծրագիրի միջոցով ստեղծուելիք տնտեսական, փոխադրային (լոժիսթիք) եւ առեւտրային նոր հեռանկարները երկու երկիրներուն համար։
Պապոյեան ու Եումաքլը անդրադարձած են շուկաներու բազմազանացման, փոխադրային նոր ուղիներու ձեւաւորման եւ փոխադարձ տնտեսական հետաքրքրութիւններու ընդլայնման հարցերուն։ Քննարկուած են նաեւ գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր, մասնաւորապէս՝ գիւղական համակարգի ապահովագրութեան, կարկուտի եւ անասուններու հիւանդութիւններու դէմ համատեղ պայքարի ուղղութեամբ։
Կարեւոր համարելով Հայաստան-Թուրքիա կանոնաւոր շփումները՝ նախարարները վերահաստատած են երկխօսութիւնը շարունակելու իրենց պատրաստակամութիւնը։ Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀ — BSEC) մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեանը։
Յիշեցնենք, որ նախորդ օր Հայաստանի եւ Թուրքիոյ համապատասխան գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցած են սահմանի Ախուրիկ-Աքեաքա անցակէտին եւ Գիւմրիի մէջ։ Անոնք քննարկած են Գիւմրի-Կարս երկաթուղիի վերականգնման եւ շահագործման ուղղուած թեքնիք խնդիրներու երկրորդ փուլը։ ■