Սեպտեմբեր 6-ին, 99 տարեկանին իր մահկանացուն կնքած է պոլսահայ մտաւորական, գրող, հրապարակագիր, թատերագիր, «Մարմարա» օրաթերթի տասնամեակներու խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեան։
Ծնած է 1926-ին, Պոլիս, ուր ստացած է նախակրթութիւնը եւ երկրորդական ուսումը՝ տեղւոյն Մխիթարեան վարժարանին մէջ։
Պոլսոյ համալսարանի փիլիսոփայութեան ճիւղի ուսանող՝ կը սկսի գրել, առաւելաբար պատմուածքներ, որոնք լոյս կը տեսնեն գրական մամուլին մէջ։
Որոշ շրջան մը աշխատած է հիւսուածեղէնի մդծ գործատան մը մէջ՝ իբրեւ ներկայացուցիչ:
Սակայն 1949 թուականին հրատարակուած իր առաջին գործը թատերգութիւն մըն է։ Առատ արտադրող՝ անկէ ետք փոխնիփոխ լոյս կ’ընծայէ պատմուածքներու ժողովածոներ եւ քրոնիկային կամ գրական-վերլուծական երկեր։ Բոլորն ալ, մտածողական խորացումով, սակայն միշտ կենդանի ու իրապաշտ լարումով, կը պատկերացնեն մեր ժամանակակից աշխարհը, արդի կեանքը, մարդկային գոյութեան հարցականները, մարդկային յարաբերութիւնները։
«Սան» ու «Ճառագայթ» պարբերականներուն մէջ կը գրէ պատմուածքներ եւ յօդուածներ:
1967-ին կը ստանձնէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրի պաշտօնը ու կը դառնայ անոր բազմամեայ տնօրէն-խմբագրապետ։ Կ՚ունենայ հրապարակագրական պատկառելի վաստակ։
1981-ին, «Մարմարա» թերթին մէջ կը սկսի հրատարակել իր առօրեայ յօդուածները Յուշատետր անուան տակ։
1983-ին կը հրատարակէ իր գլուխ-գործոցներէն՝ «Առաստաղ» վէպը։
Անոր թողած գրական պատկառելի ժառանգութեան մաս կը կազմեն՝ «Կեանքի մը երեք Կիրակիները» (1949), «Վաստակ» (1976) թատերական գործերը, «Յակոբ Պարոնեանի մտերմութեան մէջ» (1965) գրա-վերլուծական աշխատասիրութիւնը,«Բառասխալ» (1972),«Առաստաղ» (1978), «Հազար տարի Ս. Գրիգnր Լnւսաւnրչի հետ» (2003), «Բնանկարներ» (2004), «Օդանաւին անիւները» (2004), «Իսթանպnւլահայ նnր բանաստեղծnւթեան վէպը» (2004), «Ասիկա Այբ է» (2005), «Գրադարանիս մnռցnւած գիրքերը» (2005), «Թարգմանչաց տօն մը թեհրանահայnւթեան մօտ» (2006), «Առագաստ դէպի բանաստեղծnւթիւն» (2006), «Հիւանդnւթեան օրեր» (2006), «Պտnյտ հայ գրականnւթեան քnւլիսներnւն մէջ» — 10 հատnր (2007-2012), «Քանի մը ծառեր անտառին մէջ» (2009), «Անկարելի նամակ մեր սիրելիներnւն» (2009), «Մեր հայրերnւն ժամացnյցը» (2010), «Կեանքը խմբագրատnւնէն ներս» (2010), «Զրnյց հինցած գրիչի մը հետ» (2011),«Դիմանկարներ» (2012), «Պտnյտ մը հայnց լեզnւի բառարանին մէջ» — 10 հատոր (2013-2019)։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։