Պոլսոյ մէջ հանդիպում ունեցած են Հայաստանի եւ Ազերպայճանի խորհրդարանական պատուիրակութիւնները

ԵԱՀԿի խորհրդարանական վեհաժողովի 23-րդ աշնանային նստաշրջանի շրջանակէն ներս, Պոլսոյ մէջ Նոյեմբեր 18-ին տեղի ունեցած է երկկողմ հանդիպում Հայաստանի եւ Ազերպայճանի խորհրդարանական պատուիրակութիւններուն միջեւ։

Հանդիպումը տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի խորհրդարաններու նախագահներուն միջեւ Հոկտեմբեր 21-ին Ժընեւի մէջ կայացած քննարկումներու ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութեան հիման վրայ։

Հանդիպման ընթացքին կողմերը ընդգծած են Ուաշինկթընի վեհաժողովի դրական դերը եւ կարծիքներ փոխանակած են ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան ամրապնդման ուղղուած յաջորդ քայլերուն, ինչպէս նաեւ այս գործընթացին՝ երկու երկիրներուն մէջ խորհրդարանական աջակցութեան կարեւորութեան շուրջ։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու իրականացման մէջ խորհրդարաններու դերին։ Երկուստեք շեշտուած է միջազգային կազմակերպութիւններու հարթակներուն վրայ խորհրդարանականներուն միջեւ կառուցողական երկխօսութեան կարեւորութիւնը։