Ապրիլ 18-20, Զատկուան արձակուրդին տեղի ունեցաւ Եւրոհայկական 25-րդ խաղերը Սոֆիայի մէջ։ Եւրոպահայ մարզասէր երիտասարդները ի մի բերող այս կարեւոր հաւաքը կազմակերպած էր «Եւրոհայկական խաղերու կազմակերպիչ մարմին»-ը, որ կազմուած է կարգ մը եւրոպական երկիրներու, ինչպէս՝ Աւստրիոյ, Ֆրանսայի, Պուլկարիոյ, Զուիցերիոյ, Նետերլանտներու… մարզական պատասխանատուներէն եւ որուն ներկայի նախագահն է Սեպուհ Պաղտոյեան։
Շուրջ 12 երկիրներէ մարզական խումբեր, 450 մասնակիցներ, երկու օրուան ընթացքին մրցակցեցան ութ տարբեր մարզաձեւերու՝ վոլեյպոլի, պասքէթպոլի, ֆութսալի, պատմինթոնի, փինկփոնկի, ճատրակի, նարտիի եւ փեթանքի մէջ։
Յաջող նախաձեռնութիւն մը, եզակի համահայկական մթնոլորտ մը, ուր չկայ խտրութիւն հայերէն գիտցողի ու չգիտցողի, արեւելահայու կամ արեւմտահայու, հինի ու նորի, տարեցի ու երիտասարդի, արհեստավարժի ու սիրողականի։ Միակ լուրջ խնդիրը, ճամբորդութեան նիւթական ծախսերը հոգալն է, որ կրնայ արգելք հանդիսանալ մասնակցութեան, նկատի առնելով որ մասնակիցները իրենք կը հոգան իրենց ճամբորդութեան եւ կեցութեան ծախսերը։ Այլապէս, մարզական խումբի մը անդամագրուիլը եւ տարուան ընթացքին կամ արձակուրդի ընթացքին մարզումներու մասնակցիլը նուազագոյն պայմանն է։
Եւրոհայկական խաղերու այս 25-րդ տարեշրջանը Սոֆիայի մէջ համախմբեց Սպանիայէն, Ֆրանսայէն, Պելճիքայէն, Նետերլանտներէն, Դանիայէն, Անգլիայէն, Գերմանիայէն, Զուիցերիայէն, Աւստրիայէն, Պուլկարիայէն, Կիպրոսէն, Վրաստանէն, Թուրքիայէն, Էսթոնիայէն, Լիթուանիայէն խումբեր եւ մարզիկներ, հին եւ նոր Սփիւռքի անդամներ, որոնք եւրո-հայկական խաղերու մասնակցութեամբ Սփիւքի մէջ հայկական ինքնութեան փորձառութեան նոր էջ կ՚արձանագրեն, ինքնութեան արտայայտութեան տարբեր եղանակ մը։
Մասնակից երկիրներէն իւրաքանչիւրը ունի իր իւրայատկութիւնը. մեծագոյն խումբերու շարքին է պելճիքահայերունը։ Անոնք առաջին օրուան հերոսներն են։ Նախքան խաղերու սկսիլը, երեկոյեան, սրահ մը կը գրաւեն, իրենց հետը բերած կ՚ըլլան «չիքէօֆթէ»-ի պատրաստութեան բոլոր բաղադրիչները, եւ արարողութիւնը կը տեւէ ամբողջ երեկոյեան։ Երգերով «չիքէօֆթէ» կը պատրաստուի, օղիներու եւ այլ խմիչքներու համադամներու հիւրասիրութեամբ։ Պելճիքահայերը ունին իրենց յատուկ երգացանկը, նուագողները, թամադան, պարողները եւ բնական է որ ներկաները շատ մեծ հաճոյքով կը մասնակցին այս արարողութեան։
Գերմանահայերը, նշանաւոր են իրենց պասքէթպոլի խումբով։ Այս տարի կատարեցին իրենց ներքին սերնդափոխութիւնը։ Խաղերուն մասնակցեցան երկու խումբով՝ տարեցներու եւ երիտասարդներու։ Եւ երկու խումբերը հասան աւարտականի եւ մրցեցան իրարու դէմ, գրաւելով առաջին եւ երկրորդ դիրքերը։ Երիտասարդները շահեցան առաջին տեղը 55 կէտով, 33-ի դիմաց։ Գերմանահայերը կու գան իրենց ընտանիքներով եւ իրարու հանդէպ այնքա՜ն հոգատար են. գրեթէ մէկ ընտանիք կը կազմեն։ Իսկապէս օրինակելի են։
Զուիցերահայերու խումբը ունի իր կայուն հնաբնակները, որոնց կը միանայ նորեկներու ստուար խումբ մը. վերջիններս շատ հանգիստ կը շաղուին զուիցերական մթնոլորտին մէջ. բոլորը գրեթէ երիտասարդներ են, խանդավառ, զուարթ, մարզական ոգիով տոգորուած։
Ֆրանսահայերը հիմնականին մէջ երկու թեւ ունին, Բարեգործականի թեւը եւ ՀՄԸՄ-ինը։ Այս տարի զգալի էր ՀՄԸՄ-ի բացակայութիւնը՝ Հայաստանի համա-ՀՄԸՄ-ական խաղերուն պատճառով։ Թէեւ անպաշտօն կերպով խումբ մը ՀՄԸՄ-ականներ մասնակցեցան «Միասին» անուան տակ։ Փարիզի «Նուպար» մարզական միութիւնը շահեցաւ ֆութսալի առաջնութիւնը։
Թրքահայերու մասնակցութիւնը եւս եզակի երեւոյթ է, քիչ մը բախտի խնդիր։ Կան տարիներ, երբ անոնք չեն յաջողիր վիզա ստանալ։ Այն ատեն կը ջնջուի իրենց մասնակցութիւնը։ Այս տարի յաջողած էին եւ բաւական ստուար խումբով մասնակցեցան։ Վոլեյպոլի մէջ շահեցան առաջնութիւնը, իսկ ֆութսալի մէջ «Սասուն-Պիթլիս» խումբը գրաւեց երկրորդ տեղը։ Այսպէս, իւրաքանչիւր երկրէ մասնակցութիւն ունի իրեն յատուկ պարագաները եւ պատմութիւնը։
Մարզախաղերէն զատ, երեկոները խնճոյքի ու խրախճանքի պահեր են, երաժշտութիւնն ու պարը անբաժան մասնիկն են այս համախմբումին։ Մասնակիցներուն համար մարզախաղերուն համազօր արժէք ունեցող իրադարձութիւն է։ Կազմակերպիչներուն համար նոյնքան էական են երիտասարդներու հանդիպումները, իրարու հետ ծանօթացումները։
Կազմակերպիչ երկրի յանձնախումբին համար հսկայական աշխատանք է, որ կը կատարուի կամաւոր կերպով. զանազան երկիրներ սիրայօժար կ՚ընդունին այս զոհողութիւնը. կամաւոր աշխատանքը կը զօրացնէ համայնքի միասնականութիւնը։
Չորս տարին անգամ մը, Համահայկական խաղեր կը կազմակերպուին Հայաստանի մէջ։ Այդ տարին տեղի չեն ունենար Համաեւրոպական խաղեր։ Հայաստանի մէջ բնականաբար տեղի կ՚ունենան այլ մակարդակի մրցաշարքեր, հայրենի խումբերն ու մարզիկները ունենալով մարզուելու շատ աւելի լայն կարողութիւններ։ Բայց կարեւորը հանդիպումներն են ու մարզական խանդավառ ոգին։ Երկու տարիէ ի վեր Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակէն պատասխանատուներ յատուկ կը հրաւիրուին։ Այս տարի խաղերուն անձամբ ներկայ գտնուեցաւ Զարեհ Սինանեան։
Համաեւրոպական յաջորդ խաղերը տեղի պիտի ունենան գալ տարի, Ժընեւի մէջ։
Թ.Շ.
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։