Պելճիքայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան հաղորդման համաձայն՝ Նոյեմբեր 28-ին, Եւրոպական խորհրդարանի մէջ, երեսփոխանուհի Նաթալի Լուազոյի բարձր հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած է «Լեռնային Ղարաբաղ – վտանգուած ժառանգութիւն» խորագրով ցուցահանդէսին բացման արարողութիւնը։
Ելոյթներով հանդէս եկած են երեսփոխանուհի Նաթալի Լուազօ, Պելճիքայի մէջ Հայաստանի դեսպանուհի, Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութեան ղեկավար Աննա Աղաջանեան եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագիտական դպրոցի տնօրէն Վահէ Գաբրիէլեան։ Վերջինս՝ ցուցադրուած լուսանկարներուն հեղինակն է։ ■