Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՊՐԻՒՍԷԼ – ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակը խստօրէն կը դատապարտէ Շառլ Միշէլի յայտարարութիւնը

 

ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակը խստօրէն դատապարտած է Շառլ Միշէլի՝ Ակնան որպէս Բերձորի միջանցքին այլընտրանք նկատող՝ պրիւսէլեան եռակողմ վերջին հանդիպումին յաջորդած  յայտարարութիւնը։ 

Գրասենեակը այս առնչութեամբ հրապարակած հաղորդագրութեամբ, ի միջի այլոց, կ՚ըսէ.

«Իբրեւ համաեւրոպական հասարակական կազմակերպութիւն, որ կը ներկայացնէ Եւրոպայի մէջ հայկական սփիւռքի զգալի մասը, Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակը իր խոր յուսախաբութիւնն ու վրդովումը կը յայտնէ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի վերջին յայտարարութեան առնչութեամբ` Ազերպայճանի նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին հետ եռակողմ հանդիպումէն յետոյ, 2023 Յուլիս 15-ին:

Շառլ Միշէլի՝ Ակնայէն Արցախ «մարդասիրական» մատակարարումներ կատարելու ազերպայճանական պայմանը հաւասարեցնելը Բերձորի միջանցքի բացման կարեւոր խնդրին հետ, մեծ սխալ մըն է։ Որպէս Եւրոպական Միութեան քաղաքացիներ՝ մենք կը դատապարտենք նախագահ Միշէլի աջակցութիւնը՝ Ակնայ-Ստեփանակերտ ճամբան որպէս Արցախահայութեան այսպէս կոչուած «մարդասիրական օգնութիւն» տրամադրելու ուղի օգտագործելու ազերպայճանական խօսոյթին։ Ազերպայճան, ահաբեկելով եւ շրջափակման մէջ պահելով, աւելի քան եօթը ամիս է, որ կը փորձէ Արցախահայութիւնը սովի մատնել։ Պաքու փաստօրէն աստիճանաբար կը սեղմէ Արցախի բնակչութեան շուրջ մահաբեր օղակը՝ զայն շարունակ մղելով յուսահատութեան։

Շառլ Միշէլ արտայայտելով ԵՄ-ի աջակցութիւնը ազերպայճանական խօսոյթին, ոչ միայն կ՚օրինականացնէ բռնապետական վարչակարգի ցեղային զտման քաղաքականութիւնը, այլեւ հակասութեան մէջ կը մտնէ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային ատեանի վճիռին հետ, ուր Ազերպայճանին յանձնարարուած էր անյապաղ վերջ տալ Բերձորի միջանցքի շրջափակման։ Այս յայտարարութիւնը նաեւ կ՚անտեսէ 2023 Մարտին Եւրոպական խորհրդարանի ընդունած բանաձեւը, որ կոչ կ՚ընէր Եւրոպական Միութեան խորհուրդին պատիժներ կիրարկել Ազերպայճանի դէմ, եթէ այդ երկիրը անմիջապէս չկատարէ ՄԱԿ-ի Ատեանի Փետրուար 22-ի հրահանգը: Եւրոպական Միութեան  ղեկավարութեան այս մօտեցումը թոյլ կու տայ Պաքուին խուսափիլ ճնշումներէ՝ Բերձորի միջանցքի ապաշրջափակման հարցին մէջ:

(…)

Խաղաղութեան ի նպաստ միջնորդութիւնը չի կրնար հիմնուած ըլլալ պատերազմին պարտուած կողմին շարունակական զիջումներ պարտադրելու տրամաբանութեան վրայ՝ միաժամանակ դանդաղօրէն օրինականացնելով Ազերպայճանի կործանարար քաղաքականութիւնը։ Այս մօտեցումը Եւրոպական Միութիւնը  կը դարձէ Արցախի մէջ Ազերպայճանի ցեղասպան քաղաքականութեան մեղսակից։

(…)

ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակը Շառլ Միշէլին կոչ կ՚ուղղէ վերանայելու իր յայտարարութիւնը՝ նկատի առնելով վերը նշուած հանգամանքները։ Առանց համապատասխան վերանայման՝ Միշէլի միջնորդական ջանքերը կողմնակալ պիտի համարուին: Մենք տակաւին կը յուսանք, որ արդարութեան ձայնը լսելի կ՚ըլլայ, եւ թէ մարդկային արժանապատւութեան եւ իրաւունքներուն հաւատարմութիւնը Եւրոպական Միութեան համար սին սկզբունք մը չէ, որով վերջինս կ՚առաջնորդուի միայն երբ ան կը համընկնի իր քաղաքական շահերուն»: