Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՊՐԻՒՍԷԼ. Նիկոլ Փաշինեանի, Շառլ Միշէլի և Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը

Ապրիլ 6-ին, Պրիւսէլի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի եւ Ազէրպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը։

ՀՀ վարչապետը անդրադարձած է ազէրպայճանական զինեալ ուժերու վերջին գործողութիւններու հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին, մարդասիրական խնդիրներուն:  

Քննարկուած են 2020 Նոյեմբեր 9-ի, 2021 Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ յայտարարութիւններու, ինչպէս նաեւ Դեկտեմբեր 14-ին Պրիւսէլի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպումին ձեռք ձգուած համաձայնութիւններու գործադրման վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումին համաձայնութիւն գոյացած է (ըստ 2021 Նոյեմբեր  26-ին Սոչիի համաձայնութեան)` մինչև Ապրիլի վերջը Հայաստանի եւ Ազէրպայճանի միջեւ սահմանազատման ուղղութեամբ ստեղծել երկկողմ յանձնաժողով մը, որ նաեւ օժտուած պիտի ըլլայ սահմանի երկայնքին անվտանգութիւն եւ կայունութիւն ապահովելու հարցերով զբաղելու իրաւասութեամբ:

Հայաստանի վարչապետը եւ Ազէրպայճանի նախագահը իրենց Արտաքին գործոց  նախարարներուն յանձնարարած են սկսիլ՝ երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններու նախապատրաստական աշխատանքները: