Պրիւսէլի մէջ ստորագրուած է  ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան ռազմավարական օրակարգը 

Միրզոյեան եւ Քալաս կը զրուցեն

2026-ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ առաջին վեհաժողովը

Պրիւսէ­լի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Հա­յաս­տան-Եւ­րաոպա­կան Միու­թիւն գոր­ծընկե­րու­թեան խոր­հուրդի 6-րդ հան­դիպման աւար­տին՝ կող­մե­րը ստո­րագ­րած են գոր­ծընկե­րու­թեան ռազ­մա­վարա­կան օրա­կար­գը։ Փաս­տա­թուղթը ստո­րագ­րած են ՀՀ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարար Արա­րատ Միր­զո­յեան եւ ԵՄ-ի Ար­տա­քին գոր­ծոց ու անվտան­գութեան քա­ղաքա­կանու­թեան հար­ցե­րու բարձր յանձնա­կատար Քա­յա Քա­լաս։

Այս առ­թիւ կա­յացած միացեալ մամ­լոյ ասու­լի­սին ըն­թացքին, որուն մաս­նակցած է նաեւ ԵՄ-ի ընդլայնման հար­ցե­րու յանձնա­կատար Մար­թա Քոս, Արա­րատ Միր­զո­յեան յայ­տա­րարած է, որ Հա­յաս­տա­նի եւ Եւ­րո­պական Միու­թեան գոր­ծակցու­թիւնը կը թե­ւակո­խէ նոր փուլ՝ ռազ­մա­վարա­կան գոր­ծընկե­րու­թեան մա­կար­դակ։

“Մեր հա­մագոր­ծակցու­թիւնը բարձրա­ցու­ցինք ռազ­մա­վարա­կան մա­կար­դա­կի, սա­կայն սա մեր յա­ւակ­նութիւննե­րուն վեր­ջը չէ։ Հա­յաս­տա­նի խորհրդա­րանը Մարտ ամ­սուն օրէնք ըն­դունեց ԵՄ-ին ան­դա­մակ­ցութեան մա­սին։ Այ­սօ­րուան հան­դիպման ու­ղերձը շատ կա­րեւոր է՝ Հա­յաս­տան-ԵՄ հա­մագոր­ծակցու­թիւնը կը մտնէ նոր փուլ”,– ըսած է Միր­զո­յեան։

Նա­խարա­րը վստա­հու­թիւն յայտնած է, որ այս հա­մագոր­ծակցու­թիւնը աւե­լի պի­տի ամ­րապնդէ Հա­յաս­տա­նի դի­մադ­րա­կանու­թիւնը։ Ան նաեւ կա­րեւոր յայ­տա­րարու­թիւն մը կա­տարած է ապա­գայ ծրագ­րե­րուն մա­սին.

“2026 Մա­յիսին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ՀՀ-ԵՄ առա­ջին վե­հաժո­ղովը։ Սա եւս կա­րեւոր քայլ մը պի­տի ըլ­լայ, եւ կ՚ակնկա­լեմ ձեզ տես­նել Երե­ւան”,– նշած է Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րը։

Ռազ­մա­վարա­կան օրա­կար­գին ման­րա­մաս­նութիւննե­րը

Ըստ Հա­յաս­տա­նի մէջ ԵՄ-ի պա­տուի­րակու­թեան՝ նոր ռազ­մա­վարա­կան օրա­կար­գը կը փո­խարի­նէ 2017-ի առաջ­նա­հեր­թութիւննե­րը եւ կը սահ­մա­նէ հա­մատեղ գոր­ծո­ղու­թիւննե­րու աւե­լի յա­ւակ­նոտ շրջա­նակ։ Ան հիմ­նուած է Հա­մապար­փակ եւ ընդլայ­նուած գոր­ծընկե­րու­թեան հա­մաձայ­նագրին (CEPA) վրայ եւ կ՚ընդգրկէ հե­տեւեալ բնա­գաւառ­նե­րը.

Ժո­ղովրդա­վարու­թիւն եւ ար­դա­րադա­տու­թիւն. Օրէն­քի գե­րակա­յու­թիւն, մար­դու իրա­ւունքներ եւ բա­րեփո­խումներ։

Տնտե­սու­թիւն եւ կապ. Առեւ­տուրի բազ­մա­զանա­ցում, ու­ժա­նիւ­թա­յին անվտան­գութիւն, թուային փո­խակեր­պում եւ «Կլո­պալ դար­պաս»-ի ծի­րէն ներս ռազ­մա­վարա­կան ներդրումներ (նե­րառեալ «Խա­ղաղու­թեան խաչ­մե­րուկ»-ի աջակ­ցութիւ­նը)։

Անվտան­գութիւն. Հա­մագոր­ծակցու­թիւն ճգնա­ժամե­րու կա­ռավար­ման, հիպ­րի­տային սպառ­նա­լիք­նե­րու եւ հա­մացան­ցա­յին անվտան­գու­թեան ոլորտնե­րուն մէջ։

Քա­ղաքա­ցինե­րու շա­հեր. Վի­զայի պար­տա­ւորու­թեան ջնջման շուրջ երկխօ­սու­թիւն եւ տե­ղահա­նուած ար­ցա­խահա­յու­թեան աջակ­ցութիւն։

Փաս­տա­թուղթը կը սահ­մա­նէ կար­ճա­ժամ­կէտ (3-4 տա­րի) եւ միջ­նա­ժամ­կէտ (7 տա­րի) առաջ­նա­հեր­թութիւններ՝ նպա­տակ ու­նե­նալով ապա­հովել շօ­շափե­լի օգուտներ քա­ղաքա­ցինե­րուն հա­մար եւ բարձրաց­նել Հա­յաս­տա­նի դի­մադ­րա­կանու­թիւնը։ ■