Ապրիլ 23-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի նախօրեակին, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն ծայր առած է ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւններու նախաձեռնած ջահերով աւանդական երթը:
Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հաւաքուած է մեծ բազմութիւն։ Ջահակիրները երգած են երթի խորհրդանիշ «Զարթի՛ր լաո» երգը։
«Զարթի՛ր լաո» կոչով, երթի մասնակիցները Հանրապետութեան հրապարակին վրայ այրած են Թուրքիոյ ու Ազերպայճանի դրօշները։
Ապա «Պայքա՛ր, պայքա՛ր, պայքա՛ր» վանկարկումներով, երթի մասնակիցները ուղղուած են դէպի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։
Երթին մասնակցած են նաեւ ՀՀ երկրորդ եւ երրորդ նախագահները՝ Ռոբերտ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան։