Երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեան նպատակ չունի հեռանալու քաղաքականութենէն եւ հաւանաբար պիտի մասնակցի 2026-ի համապետական ընտրութիւններուն։ Այս մասին ան յայտնած է իր աջակիցներուն հետ փակ հանդիպման ընթացքին։ “Վերջնական որոշումը չունինք ձեւաչափերու, բայց մեծ հաւանականութեամբ պիտի մասնակցիմ”,– ըսած է ան։
Քոչարեան անդրադարձած է Արման Թաթոյեանի առաջարկին, որ նախկին նախագահները պէտք է հեռանան ընտրապայքարէն, որպէսզի Փաշինեան չյաղթէ։ Քոչարեան կասկածի տակ առած է Թաթոյեանի շարժառիթներուն ազնւութիւնը՝ նշելով, որ «նախկիններու եւ ներկաներու» խօսոյթը Փաշինեանի գլխաւոր զէնքերէն մէկն էր հասարակութիւնը պառակտելու համար, եւ այսօր այդ գործիքը տկարացած է։
Ըստ Քոչարեանի՝ Թաթոյեանի նպատակը կրնայ ըլլալ իրենց ձայներէն մաս մը խլելը եւ խորհրդարան մտնելը, այլ ոչ թէ իրական իշխանափոխութիւնը։
Քոչարեան համոզուած է, որ գործող իշխանութեան վարկանիշը ինկած է, անոնք քայքայած են անվտանգութիւնը, բանակը եւ յարձակած՝ ազգային ինքնութեան վրայ։ Ան զարմանք յայտնած է, որ հակառակ բազմաթիւ սուտերուն՝ Փաշինեան տակաւին կողմնակիցներ ունի, ինչ որ իրեն համար «ցնցումի պէս բան մըն էր»։ Ան աւելցուցած է, որ Փաշինեան «պարան է Հայաստանի վզին», եւ այդ պարանէն պէտք է ազատիլ։