«Պէտք է գտնենք խելացի լուծումներ եւ պատրաստ լինենք պայքարի»
Ազերի «բնապահներու» կողմէ Բերձորի միջանցքին փակումէն ի վեր, Արցախի Պետական նախարար՝ Ռուբէն Վարդանեանի ամէնօրեայ յորդորները, յայտարարութիւնները ուղղուած Արցախահայութեան խրախուսող են, գօտեպնդող, ինքնավստահութիւն ներշնչող, հայկական քաղաքական ասպարէզին մէջ, ազգային գաղափարականին նոր լիցք տուող, Արցախի գոյութեան սպառնացող վտանգին դիմաց իմաստութեամբ մօտենալու, նոր լուծումներ որոնելու, ներքին բաժանարար գիծերէն պահ մը հրաժարելու, ճիշդ այն պահուն երբ ամէնուր յուսալքութիւնը տիրող հոգեվիճակ է։ Խելք եւ խիզախութիւն՝ դիմանալու, դիմադրելու, չզիջելու, չընկրկելու, հողը չլքելու։
«Մենք ամէն ձեւով պէտք է աշխատենք, որ Արցախը լինի անկախ, հայկական, եւ ունենայ անվտանգ ապագայ։ Ինչ որ պէտք է, որ դրան հասնենք, ես անելու եմ։ Ես ուզում եմ ուրիշ պատասխան էլ լսէք, որովհետեւ դա է ամենակարեւորը։ Ես ոչ ուզում եմ գնահատական տամ, ոչ ուզում եմ ընկերութիւն անել, կամ մի այլ բան, ես եկել եմ որ ասեմ մի բան, եկէ՛ք՝ մեր միակ նպատակն է Արցախը պաշտպանելը, Արցախը պահպանելն է, այնպիսի պայման ստեղծելն է, որ մենք այս իրավիճակից դուրս գանք։ Դրա համար, մենք աշխատում ենք ե՛ւ ՄԱԿ-ի հետ ե՛ւ Ֆրանսիայի ե՛ւ Ամերիկայի ե՛ւ Ռուսաստանի հետ եւ ի հարկէ Ռուսաստանի խաղաղապահների հետ։ Գնահատականները, մեր ազգային վերաբերմունքը պահելով մեր մէջ, եկէք անենք այն ինչ որ հաշւում ենք ճիշդ, մեր ամենակարեւոր նպատակի համար՝ Արցախը պահպանել եւ զարգացնել»։ Բերձորի միջացքին խափանման 7-րդ օրը, Ասկերան քաղաքին մէջ Արցախցիներուն հետ հանդիպման ընթացքին արտասանուած այս խօսքերը երկար ժամանակէ ի վեր հայ քաղաքական դասու որեւէ ղեկավարէ չէինք լսած։
Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք միայն քաղաքական ասպարէզ մտնելու մտադրութիւն յայտնած, «Աւրորա» համաշխարհային մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր, «Տաթեւի թեւեր» ճոպանուղիի կառուցման նախաձեռնող, Դիլիջանի միջազգային դպրոցի հիմնադիր, եւ բազմաթիւ այլ նախաձեռնութիւններու հեղինակ գործարարը, ձեռնարկատէրը, 2020 թուականէն ի վեր հայկական քաղաքական դաշտը վերանորոգելու կարողականութեան տէր հանդիսացաւ։ Եւ մեծագոյն անակնկալը՝ անոր քաղաքական ասպարէզ մտնելն էր ոչ թէ Հայաստանի մէջ, այլ՝ Արցախի, որ ներկայիս կը մղէ գոյութենական ճակատագրական պայքար մը։
2020-ի Արցախեան պատերազմը, 2021-ի Մայիսեան յարձակումը Հայաստանի ինքնիշխան սահմանին վրայ, ապա նոյնպէս՝ 2022-ի Սեպտեմբեր 13-ի յարձակումը, Հայաստանի ներքաղաքական մթնոլորտը ոչինչով փոխեցին։ Նոյնիսկ Արցախը Հայաստանին միացնող միջանցքին խափանումը համազգային քաղաքական դիմադրութիւն չյառաջացուց։ Միջավայրը մնաց թունաւոր, ընդդիմութիւնը վերադարձաւ Խորհրդարան, բայց մնաց ամուլ, անցեալի նոյն յանկերգը կրկնելով, Արցախի նեցուկ կանգնելու բանաձեւի մը քուէարկումով սահմանափակուելով, երբ անդին Ազերպայճանի խաղադրոյքը շատ աւելի բարձր է, խօսքէ աւելի գործ պահանջող, քաղաքական տարակարծութիւնները պահ մը լռութեան մատնել պահանջող։ Հայկական աշխարհը կանգնած է մահացու ընտրութեան դիմաց՝ կա՛մ ընդունիլ Զանգեզուրեան միջանցք տրամադրել Ազերպայճանին եւ կա՛մ Արցախը բոլորովին հայաթափել, Բերձորի միջանցքին ազերական խափանումով։ Հայաստանի իշխանութիւններու դիւանագիտական աշխատանքը՝ ըլլա՛յ Արեւմուտքի նեցուկը ապահովելու, եւ կամ Ռուսաստանն ու ՀԱՊԿ-ը մղելու աւելի յանձնառու միջամտութեան, կը մնայ ապարդիւն։
Այս ճգնաժամային պահուն, անակնկալօրէն Արցախեան երկնակամարին վրայ ի յայտ եկաւ սպիտակ ձիաւորը՝ Ռուբէն Վարդանեանը, որ Արցախ հաստատուելու իր յանձնառութեամբ 120 000 Արցախցիները գօտեպնդեց։ Անոր պատգամները պարզ են ու յստակ. «Ազերիները չեն հասկնար որ շրջափակումը մեզ կը միացնէ ու կը դարձնէ աւելի ուժեղ», պատգամ մը որ երկար տարիներէ ի վեր չէր լսուած։
Անկախ տարբեր վերլուծաբաններու, քաղաքական ղեկավարներու գնահատականներէն՝ Ռ. Վարդանեանի քաղաքական գործունէութեան վերբերեալ, հայաստանեան քաղաքական խօսոյթին մէջ, յատկապէս 2020-ի պատերազմէն ետք, նման համադրական, համախոհական եւ ծայր աստիճան նպատակասլաց խօսոյթ չէր լսուած։ Եւ այս դիրքորոշումը կը յայտնուի անձի մը կողմէ, որ Արցախցի չէ, բայց Արցախի ամէնէն վտանգաւոր պահուն որոշած է Արցախ հաստատուիլ։ Ի տարբերութիւն արցախցի բարձրաստիճան քաղաքական բազմաթիւ ղեկավարներու՝ հանրապետութեան երկու նախագահի, Պաշտպանութեան նախարարի, Բանակի հրամանատարներու… որոնք անցեալ քսան տարիներու երկայնքին Արցախը լքած են ու հաստատուած Հայաստան։
Ժ.Չ. ■