Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ռուսաստան Ազէրպայճանը կ՚ամբաստանէ արցախեան հրադադարի համաձայնագիրը խախտելու մեղադրանքով

Շաբաթ, Մարտ 26-ին, Մոսկուա ամբաստանած է Ազէրպայճանը՝ ռուսական խաղաղապահ ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածք  զօրքեր մտցնելով՝ 2020-ին Արցախի պատերազմէն յետոյ Հայաստանի հետ ստորագրուած հրադադարը խախտելու մեղադրանքով։

Հակառակ Հայաստանի եւ Ազէրպայճանի զինուած ուժերուն միջեւ միջադէպերու յաճախակի բնոյթին՝ 2020-ի հակամարտութեան աւարտէն ի վեր այս մէկը առաջին դէպքն է, ուր Մոսկուա կը մեղադրէ կողմերէն մէկը զինադադարը խախտելու յանցանքով։

«Մարտ 24-ին եւ 25-ին Ազէրպայճանի զինուած ուժերը խախտած են Ռուսաստանի, Ազէրպայճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու եռակողմ համաձայնութիւնը (…)՝ մտնելով Լեռնային Ղարաբաղի՝ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատւութեան տակ գտնուող տարածք»,– ի միջի այլոց ըսուած է Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան (ՊՆ) այս մասին հրապարակած  հաղորդագրութեան մէջ։

Ըստ Ռուսաստանի ՊՆ-ին՝ ազէրպայճանական բանակը հաստատած է դիտակէտ եւ «Պայրաքթար» անօդաչու սարքերով չորս հարուած հասցուցած է ղարաբաղեան ուժերուն, Փառուխ գիւղի մօտակայքը։

«Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը քայլերու կը ձեռնարկէ իրավիճակը կարգաւորելու համար… ազէրպայճանական կողմին՝ զօրքերը ետ քաշելու կոչ ուղղուած է»,– նաեւ ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Ռուսական դիւանագիտութիւնը յայտնած է իր «խոր մտահոգութիւնը»։