Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ. Հայաստան կը մասնակցի Մոսկուայի գիրքի միջազգային ցուցահանդէսին

Սեպտեմբեր 23-էն 27, Հայաստան առանձին տաղաւարով կը մաս­նակցի ԱՊՀ-ի երկիրներու ամէնէն հեղինակաւոր և ծաւալով ամէնէն մեծ՝ Մոսկուայի գիրքի միջազգային ցուցա­հանդէսին։ Լուրը կը հաղորդեն ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութենէն:

Աւանդական դարձած ցուցահանդէսին հայկական բաժինը այս տարի նուիրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 30-ամեակին: Ծրագրին նպատակն է՝ հայ գրականութիւնը և հայ գրողները Հայաստանի սահմաններէն դուրս ծանօթացնել ներկայացնել եւ գրականութեամբ Հայաստանը ծանօթացնել օտարներուն:

Ցուցահանդէսին կը ներկայացուին վերջին երկու տարիներուն Հայաստանի և արտասահմանի մէջ հրատարակուած գիրքեր, այդ կարգին՝ գեղարուեստական, մասնագիտական, արուեստաբանական, հանրագիտարանային, պատմական գրականութիւն: Կը ներկայացուի նաև «Հայ գրականութիւնը թարգմանութիւններու մէջ» դրամաշնորհային ծրագիրը, որով ԿԳՄՄ նախարարութիւնը կ՚աջակցի արտասահմանի այն հրատարակիչներուն, որոնք կը փափաքին իրենց երկրին մէջ օտար լեզուով հրատարակել հայ դասական և ժամանակակից գրականութիւն: Կը ներկայացուին նաև այդ ծրագրով վերջին երեք տարիներուն Հայաստանէն դուրս լոյս տեսած 40-է աւելի գիրքեր՝ 17 լեզուներով:

Ցուցահանդէսի բացման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ Սեպտեմբեր 24-ին:

Նմանօրինակ ցուցահանդէսները հրատարակիչներուն և գրական գործակալներուն առիթ կու տան ներկայացնելու Հայաստան հրատարակուող գիրքե­րը, գրողները, գնելու և վաճառելու ստեղծագործողներու հեղինակային իրաւունքները:

Ցուցահանդէսի աւարտէն ետք ներկայացուած գիրքերը ՀՀ ԿԳՄՄ նախարարութիւնը պիտի նուիրէ Մոսկուայի Հայաստանի դեսպանութեան գրադարանին: