Օգոստոս 28-ին, Ռուսաստանի Հայերու միութեան կողմէ Արմաւիրէն (Կրասնոտարի երկրամաս) յաջորդական բեռնատարը ուղեւորուած է դէպի Տոնպաս՝ տեղւոյն բնակիչներուն օժանդակութիւն տրամադրելու համար։
«Շուրջ 15 թոն ընդհանուր կշիռով բեռը կը պարունակէ սննդամթերքի հազարաւոր տուփեր (բրինձ, հնդկաձաւար, ոլոռ, խմորեղէն, շաքար) եւ երեք հազար տուփ հրուշակեղէն»,– նշուած է այս կապակցութեամբ միութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ: