Ապրիլ 17-ին, Ս. Յարութեան տօնին առիթով Ամարասի վանքին մէջ պատարագ մատուցած է թեմակալ առաջնորդը։ Արարողութեան մասնակցած են Արցախի Հանրապետութեան պետական դէմքերը, գլխաւորութեամբ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի, երկրորդ եւ երրորդ նախագահներ՝ Արկադի Ղուկասեան եւ Բակօ Սահակեան։ Յաւարտ պատարագի, թեմակալ առաջնորդին ուղեկցութեամբ, Արցախի նախագահները իջած են Սուրբ Գրիգորիս Հայրապետին գերեզմանը՝ խոնարհելու եւ աղօթելու Արցախի հոգեւոր եւ ֆիզիքական անվտանգութեան եւ պետականութեան ամրապնդման համար։
Ինչպէս հաղորդած էինք, Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով Արցախի թեմը ուխտագնացութիւն կազմակերպած էր դէպի Դադիվանք։ Երկար դադարէ ետք, Սուրբ Դադիվանքը կրկին իր դռները բացած է ուխտաւորներուն առջեւ։