Սամուէլ Կարապետեանի բանտարկութիւնը 30 օր երկարաձգուած է

Կաշառակերութեան դէմ պայքարի դատարանը, դատաւոր Վահէ Տոլմազեանի նախագահութեամբ, 30 օր երկարաձգած է «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի հիմնադիր, գործարար Սամուէլ Կարապետեանի բանտարկութեան պայմանաժամը։ Դատական նիստի աւարտին լրագրողներուն այդ մասին յայտնած է Սամուէլ Կարապետեանի պաշտպանական խումբի անդամ Արամ Վարդեւանեան։

Սամուէլ Կարապետեան ձերբակալուած էր Յունիս 18-ին։ Անոր դէմ մեղադրանք յարուցուած էր՝ իշխանութիւնը բռնի գրաւելու եւ սահմանադրական կարգը տապալելու հրապարակային կոչեր հնչեցնելուն համար։

Հոկտեմբեր 13-ին Քննչական կոմիտէն յայտնած էր, որ Սամուէլ Կարապետեանի մեղադրանքը փոխուած է եւ աւելցուած են Քրէական օրէնսգիրքի 296-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 2-րդ եւ 3-րդ կէտերը (իշխանական կամ ծառայողական լիազօրութիւնները կամ անոնցմով պայմանաւորուած ազդեցութիւնը օգտագործելով՝ առանձնապէս մեծ չափով ապօրինի գումարի օրինականացում)։

Կարապետեան չընդունիր իրեն առաջադրուած մեղադրանքները։