Սեւ ծովու թրքական ափերուն մօտ ռուսական քարիւղատար երկու նաւեր թիրախ՝ ուքրանական անօդաչուներու

Սեւ ծո­վու թրքական ափե­րուն մօտ գրե­թէ միաժա­մանակ հրդեհ ծա­գած է ռու­սա­կան քա­րիւ­ղա­տար եր­կու նա­ւերու մէջ։

Շու­տով պար­զուած է հրդեհ­նե­րուն պատ­ճա­ռը. յայտնի դար­ձած է, որ անոնք հարուած ստացած են ուքրա­նական անօդաչուներէ։ 

Անոնցմէ առա­ջինը Հնդկաս­տա­նէն Ռու­սաս­տան ու­ղե­ւորուող «Kairos» քա­րիւ­ղա­տարն է, որ յարձակման են­թարկուած է Թուր­քիոյ ափէն 28 ծո­վային մղոն հե­ռաւո­րու­թեան վրայ։ Կա­րելի եղած է փրկել նա­ւուն անձնա­կազ­մին 25 ան­դամնե­րը։

Աւե­լի ուշ հա­ղոր­դուած է նաեւ երկրորդ քա­րիւ­ղա­տար նա­ւու մը՝ «Virat»-ի հրդե­հին մա­սին, որ նոյն­պէս կը յա­ռաջա­նար դէ­պի Ռու­սաստան եւ կը գտնուէր Թուրքիոյ ափէն մօտ 35 ծո­վային մղոն հե­ռաւո­րու­թեան վրայ։ Ան ալ ենթարկուած է ուքրանական անօդաչուներու յար­ձակման։ Անոր 20 հո­գինոց անձնա­կազ­մը եւս յա­ջողու­թեամբ փրկած են։

Կը նշուի, որ եր­կու քա­րիւ­ղա­տար նա­ւերն ալ դա­տարկ էին։

Թուրքիա դա­տապար­տած է յար­ձա­կումնե­րը. 

Ղա­զախստան եւս բո­ղոքած է

Թուրքիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թիւնը խիստ մտա­հոգու­թիւն յայտնած է այս յար­ձա­կումնե­րուն առ­թիւ։

«Սեւ ծո­վու բա­ցարձակապէս մեր տնտե­սական գօ­տիին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած այս մի­ջադէ­պերը լուրջ վտանգ ստեղ­ծած են տա­րածաշրջա­նային նա­ւար­կու­թեան, կեան­քի, գոյ­քի եւ շրջա­կայ մի­ջավայ­րի անվտան­գութեան հա­մար»,– նշուած է Թուրքիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թեան յայ­տա­րարու­թեան մէջ։

Թէեւ Ան­գա­րա ուղղա­կի չէ դա­տապար­տած Ուքրաինան, սա­կայն շեշ­տած է, որ կը շա­րու­նա­կէ շփումնե­րը հա­մապա­տաս­խան կող­մե­րուն հետ՝ Սեւ ծո­վուն մէջ պա­տերազ­մի տա­րածու­մը կան­խե­լու եւ երկրի տնտե­սական շա­հերը պաշտպա­նելու նպա­տակով։

Միւս կող­մէ, Ղա­զախստա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թիւնը եւս բո­ղոքի ձայն բարձրա­ցու­ցած է՝ Նո­վորո­սիս­քի նա­ւահան­գիստին մէջ Կաս­պեան խո­ղովա­կաշա­րային ըն­կե­րակ­ցութեան (ԿԽԸ) են­թա­կառոյցնե­րուն վրայ ուքրա­նական յար­ձակման առնչու­թեամբ։

Աս­տա­նա ընդգծած է, որ սա յար­ձա­կողա­կան եր­րորդ արարքն է զուտ քա­ղաքա­ցիական թի­րախի մը դէմ, ինչ որ կը վնա­սէ Ղա­զախստա­նի եւ Ուքրաինա­յի մի­ջեւ յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն։

Յի­շեց­նենք, որ Նո­յեմ­բեր 25-ին Ուքրաինա­յի զի­նեալ ու­ժե­րը յայ­տա­րարած էին յա­ջող հա­րուա­ծի մա­սին Նո­վորո­սիս­քի Շեշ­խա­րիս նաւ­թա­յին թեր­մի­նալին ուղղու­թեամբ, որ մաս կը կազ­մէ ԿԽԸ հա­մակար­գին։ Նա­խապէս՝ 2025 Փետրուարին եւս, թի­րախա­ւորուած էին նոյն հա­մակար­գի են­թա­կառոյցները։ ■