ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ – Վարչապետ Փաշինեանի ելոյթը ԵԽԽՎ-ի լիագումար նիստին

Սեպտեմբեր 30-ին, Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) ուղղուած իր ելոյթին մէջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց Եւրոպայի խորհուրդի կառոյցներուն կենսական դերը Հայաստանի ժողովրդավարութեան ամրապնդման մէջ։

Վարչապետը սկսաւ՝ կիսելով իր անձնական փորձառութիւնը որպէս նախկին քաղաքական բանտարկեալ։ Ան յիշեց, թէ ինչպէս Եւրոպայի խորհուրդի եւ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանի (ՄԻԵԱ) հետեւողականութիւնը իրեն եւ ուրիշներուն համար յոյսի եւ ուժի աղբիւր հանդիսացած են՝ ի վերջոյ իր կանուխ ազատ արձակումը ապահովելով։ Այս պատճառով, ան նշեց, որ հայ ժողովուրդը Եւրոպայի խորհուրդը օտար կազմակերպութիւն չի նկատեր, այլ՝ Հայաստանի պետական հաստատութիւններու «օրգանական շարունակութիւնը»։

Փաշինեան հպարտութեամբ յայտարարեց, որ 2018-ի Թաւշեայ յեղափոխութենէն ի վեր, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած բոլոր ընտրութիւնները (խորհրդարանական եւ տեղական) եղած են ազատ, արդար եւ մրցակցային, ինչ որ երկրի պատմութեան մէջ աննախընթաց է։ Այսուհանդերձ, ան ընդունեց, որ մարտահրաւէրներ կը շարունակեն գոյութիւն ունենալ, ինչպէս՝ ընտրակաշառքի եւ ապատեղեկատւութեան տարածման երեւոյթները, զորս որակեց «հիպրիտային յարձակումներ» ժողովրդավարութեան դէմ։

Ըստ վարչապետին՝ 2020-ի պատերազմէն ետք ստեղծուած խոր ճգնաժամի պայմաններուն մէջ, ժողովրդավարութիւնն էր, որ փրկեց Հայաստանի պետականութիւնը։ 2021-ի արտակարգ ընտրութիւններով ժողովուրդը վերահաստատեց իր կամքը եւ կառավարութեան տուաւ յստակ հրամայական՝ հասնելու խաղաղութեան։

Փաշինեան յայտարարեց, որ այսօր Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութիւն հաստատուած է, ինչ որ ինք կը նկատէ երկու երկիրներու կառավարութիւններուն եւ ժողովուրդներուն ձեռքբերումը։ Ան յատկապէս շեշտեց Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ ԱՄՆու նախագահ Տանըլտ Թրամփի անձնական միջնորդութեամբ ստորագրուած պատմական Հռչակագիրը։ Խաղաղութիւնը նմանցնելով «նորածին երեխայի», վարչապետը կոչ ուղղեց զայն ամէնօրեայ խնամքով պահպանելու։

Իր խօսքը եզրափակելով, վարչապետը վերահաստատեց Հայաստանի հաւատարմութիւնը ժողովրդավարական արժէքներուն։ Որպէս յեղափոխութեան յաջողութեան ցուցանիշեր՝ ան յիշեց պետական կեանքին մէջ կիներու աննախընթաց ներգրաւումը եւ զգալի տնտեսական աճը։ Ան ընդունեց սակայն, որ տակաւին ընելիք շատ գործ կայ դատական համակարգի բարեփոխման, կաշառակերութեան դէմ պայքարի եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան ոլորտներուն մէջ՝ վստահութիւն յայտնելով, որ Հայաստան այս ճամբուն վրայ պիտի շարունակէ վայելել Եւրոպայի խորհուրդի զօրակցութիւնը։

Աւարտին, վարչապետը պատասխանեց ԵԽԽՎի երեսփոխաններու հարցումներուն: