Օգոստոս 10-ին, Սիւնիքի մարզի Սիսիան քաղաքին մէջ ծայր առած է արդէն աւանդական դարձած հայ-իրանական «Նաւասարդ» մշակութային-խոհարարական փառատօնը։
Ձեռնարկը կեանքի կոչուած է Զբօսաշրջութեան հայկական դաշնակցութեան եւ «Հայ խոհարարական աւանդութիւններու զարգացման ու պահպանման» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ՝ Տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան յանձնախումբի, Սիւնիքի մարզպետութեան եւ Սիսիանի քաղաքապետութեան աջակցութեամբ:
Միջոցառման շրջանակին մէջ կազմակերպուած է խոհարարական մրցոյթ, որ կ՚ընդգրկէ երեք անուանակարգ՝ «Լաւագոյն համ», «Լաւագոյն ուտեստ», «Լաւագոյն մտայղացում»:
Ընդհանուր առմամբ՝ փառատօնին ներկայացուած է 90-92 տաղաւար, որոնցմէ 32-ը՝ Իրանի ներկայացուցիչներունն է:
Փառատօնին երկրորդ օրը տեղի կ՚ունենան Նաւասարդի տօնին բնորոշ մարզական խաղեր, ռազմախաղեր, ծիսական երգ-երաժշտութիւն եւ այլն:
Փառատօնին ներկայ Հայաստանի մէջ Իրանի հիւպատոս Մորթեզա Ապետի Վարամենի շնորհակալութիւն յայտնած է Սիսիանի համայնքապետին եւ քաղաքապետութեան անձնակազմին այդպիսի գեղեցիկ ձեռնարկ մը կազմակերպելնուն համար:
Ան յայտնած է, թէ Սիսիանի քաղաքապետին հետ հանդիպումին երկուստեք քննարկած են շարք մը հարցեր եւ կը նախատեսուի շուտով Սիսիանի եւ Իրանի որեւէ քաղաքի միջեւ համագործակցութիւն հաստատել:
Հայ-իրանական մշակութային եւ խոհարարական փառատօնին մասնակցած է նաեւ Արցախը իր տաղաւարով։ Հոն ներկայացուած են Արցախի մէջ ստեղծուած յուշանուէրներ, ձեռագործ աշխատանքներ, արուեստի գործեր եւ, անշուշտ, Արցախի յատուկ համով ու աւանդութիւններով համեմուած խոհանոցը։
Մէկ ժամուան յայտագրով ելոյթ ունեցած են Արցախի «Մենք ենք, մեր սարերը» համոյթը եւ սիրուած երգչուհի Լիլիթ Ավանէսեան՝ ներկայացնելով արցախեան երգարուեստն ու ոգին։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։