Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Սիւնիքի մարզպետը՝ դիւանագէտներուն. «Անօթի, դեղորայքի կարիք ունեցող տասնեակ հազարաւոր մարդիկ կամուրջի այն կողմն են, բեռները՝ այս կողմ»

 

Յուլիս 28-ին, Սիւնիքի Կոռնիձորի շրջանը, Բերձորի միջանցքի սկզբնամաս այցելած Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներուն Սիւնիքի մարզպետ Ռոբերտ Ղուկասեան նախ տեղեկացուցած է, որ Ազերպայճան փակած է դէպի Արցախի Հանրապետութիւն մարդասիրական բեռներու ճամբան։

“Ձեր աչքով կը տեսնէք, թէ ինչպէս Ազերպայճան փակած է մարդասիրական բեռներու ճամբան։ Այս բեռնակառքերը երկու օրէ ի վեր այստեղ կը գտնուին եւ անկարելի է բեռներու փոխադրութիւնը սահմանին միւս կողմը, դէպի 120 հազար բնակիչներ։ Այնտեղ մարդիկ, երախաները անօթի են”,– ըսած է մարզպետը։

Ան նշած է, որ  Ազերպայճանի մէջ կը խօսին համարկումի մը մասին, բայց արդեօք  այդ համարկումին կ՚ուզեն հասնիլ սովամահութեա՞ն ճամբով։ Այդ անընդունելի է ամէնուս համար։ Բերձորի միջանցքը մի՛ակ ճամբան է, որու միջոցով մարդասիրական բեռը պէտք է հասնի այն մարդոց, որոնք անհամբեր կը սպասեն, այլապէս բոլորս լուռ ականատեսը պիտի ըլլանք իրավիճակի ամէն վայրկեան վատթարացման։

“Ժողովուրդը եւ անոնց մէջ երախաները անօթի պահելու միջոցով իրենց նպատակին հասնիլ փորձելու մօտեցումը, չի կրնար ընդունելի ըլլալ ժամանակակից աշխարհին մէջ”,– աւելցուցած է մարզպետը։

Ղուկասեան նաեւ տեղեկացուցած է, թէ Հակարիի կամուրջի ամբողջ երկայնքին տեղակայուած են ազերպայճանական զօրքերը։

“Վերլուծութիւնները կը ձգենք ձեզի։ Անօթի, դեղորայքի կարիք ունեցող տասնեակ հազարաւոր մարդիկ կամուրջի այն կողմն են, բեռները այս կողմը”,– ըսած է ան։