Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի յիշատակութիւն Վատիկանի մէջ

Մամլոյ հաղորդագրութիւն

Հայաստանեայց առաքելական եւ Հռոմէական կաթոլիկ քոյր եկեղեցիները թէեւ ունին դարաւոր կապեր, սակայն, վերջին շրջանին անոնց համագործակցութիւնը բոլորովին նոր հարթութեան մը վրայ դրուած է՝ շնորհիւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի թողած համաքրիստոնէական աւանդին։ 2015 թուականին Կաթոլիկ եկեղեցին «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ» հռչակեց Ս. Գրիգոր Նարեկացին՝ Վատիկանի Ս. Պետրոս մայր տաճարին մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր ու պատմական արարողութիւնով։ Աւելի վերջ որոշուեցաւ Փետրուար 27-ը ընդգրկել Կաթոլիկ եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ՝ որպէս Ս. Գրիգոր Նարեկացիի յիշատակութեան օր։ 

Անցեալ տարի առաջին յիշատակութեան արարողութիւնները տեղի ունեցած էին Վատիկանի մէջ եւ այս տարի ալ արդէն շարունակուեցաւ այդ նորաստեղծ աւանդութիւնը։ Փետրուար 28-ին, Ս. Գրիգոր Նարեկացին բազմակողմանի ծրագրով մը յիշատակուեցաւ, այս անգամ շատ աւելի տարողունակ։

Կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ» հռչակումէն ի վեր համաքրիստոնէական գետնի վրայ հայ ազգի սուրբին նկատմամբ հետաքրքրութիւնը, անոր հաւատի վկայութեան ու թողած աւանդին նկատմամբ շահագրգռութիւնը հետզհետէ կ՚աճին։ Նկատի ունենալով, որ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ օրացոյցին վրայ ընդգրկուած է Ս. Գրիգոր Նարեկացիի յիշատակութեան օրը՝ վերջին տարիներուն Վատիկանի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւններ տեղի կ՚ունենան այս կապակցութեամբ։ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի յիշատակութիւնը այլեւս ունի ձեւաւորուած նախընթացներ։

Փետրուար 28-ին նոր օղակ մը աւելցաւ այդ շղթային վրայ՝ միշտ միջեկեղեցական հանդիսաւոր արարողութեան մը ձեւաչափին մէջ։ Այս տարուան ծրագիրը ունեցաւ առանձնայատկութիւն մը, որովհետեւ միջեկեղեցական աղօթքին ի շարունակութիւն տեղի ունեցաւ գիտական հաւաքոյթ մը՝ ամերիկահայ փրոֆ. Աբրահամ Տէրեանի հեղինակած անգլերէն «Ի խորոց սրտի» գիրքի շնորհանդէսով։ Այս գիրքը լոյս տեսած է Սեն Ճանս համալսարանի հրատարակչութենէն։ Փրոֆ. Աբրահամ Տէրեան, որ Հայ եկեղեցւոյ լաւագոյն աստուածաբաններէն մէկն է, անգլերէնի թարգմանած է Նարեկացիի աղօթքները՝ համապատասխան գիտական ծանօթագրութիւններով։ 

Ս. Գրիգոր Նարեկացիի յիշատակութեան օրուան ծրագիրը այս տարի եւս կազմակերպուած էր Վատիկանի Քրիստոնէից միութեան խորհուրդի, Արեւելեան եկեղեցիներու խորհուրդի, Ս. Աթոռի մէջ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ մնայուն ներկայացուցչութեան եւ Ս. Աթոռի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան միացեալ նախաձեռնութեամբ։ 

Ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ Ս. Թովմաս Աքուինացիի Քահանայապետական համալսարանի համալիրէն ներս։ «Անճելիքում» կը կոչուի այս հեղինակաւոր գիտական հաստատութիւնը, որ խորհրդանշական վայր մը հանդիսացաւ Նարեկացիի հոգեւոր-գրական ժառանգութեան ձօնուած համամիութենական աղօթքին ու գիրքի շնորհահանդէսին տեսակէտէն։ 

Առաջին փուլին տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական աղօթքը, որուն հանդիսապետեցին Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մէջ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ մնայուն ներկայացուցիչ Խաժակ արք. Պարսամեան եւ Քրիստոնէից միութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ կարդինալ Քուրթ Քոխ։ Արարողութեան սկիզբը երկու հանդիսադիրները ողջունեցին հաւատացեալները։ Նորին Սրբազնութիւնը այս փուլին հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը, որու ընթացքին ներկաներուն հաղորդեց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութիւնները։ Ան նաեւ եղբայրաբար շնորհակալութիւն յայտնեց կարդինալ Քոխին եւ կարդինալ Սանտրիին, որոնց հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեամբ եւ անոնց պատրաստակամ վերաբերումով մշակուած էր Ս. Գրիգոր Նարեկացիի յիշատակութեան օրուան ծրագիրը։ Խաժակ արք. Պարսամեան առ Աստուած աղօթք վերառաքեց համայն աշխարհի խաղաղութեան ու մասնաւորապէս՝ Ուքրաինայի մէջ իրավիճակի լիցքաթափման եւ հանգստացման համար։ 

Իր կարգին, կարդինալ Քոխ ալ յայտնեց, որ հայազգի մեծանուն սուրբ եւ ընդհանրական եկեղեցւոյ վարդապետ Ս. Գրիգոր Նարեկացի այս տարի եւս համախմբած է զանազան Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ՝ միջեկեղեցական աղօթքով իր յիշատակութեան օրուան առթիւ։ “Մենք իր բարեխօսութիւնը կը խնդրենք՝ դէպի լիարժէք հաղորդութեան ճանապարհին։ Կոչ կ՚ուղղենք Ս. Գրիգորին, զոր յաճախ կ՚անուանեն Խաղաղութեան վարդապետ, աշխարհի վրայ՝ յատկապէս Ուքրաինայի մէջ խաղաղութեան հաստատման համար։ Թող իր օրինակը մեզի յիշեցնէ, որ ինչպէս Փրանկիսկոս պապը ըսաւ, որ մեր Տէրը խաղաղութեան Աստուածն է ու ոչ թէ պատերազմի։ Ան բոլորի հայրն է՝ ոչ միայն քանի մը հատի ու կ՚ուզէ մեզ տեսնել՝ որպէս եղբայրներ, այլ ոչ թէ թշնամիներ”,– մատնանշեց կարդինալ Քոխ։ 

Միջեկեղեցական արարողութեան ընթացքին քարոզեց Արեւելեան եկեղեցիներու Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի։ Ներկաներու շարքին էին Ղպտի, Անկլիքան եւ Ողղափառ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, Մխիթարեան միաբաններ, Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հալէպի վիճակաւորը՝ Միրիաթեան գերապայծառ, Վատիկանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, զանազան այլ եկեղեցիներէ հոգեւորականներ, ակադեմական շրջանակներէ դէմքեր եւ հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մէջ Հայաստանի դեսպան Կարէն Նազարեան։

 

ԿԱՐԴԻՆԱԼ ՍԱՆՏՐԻԻ ՔԱՐՈԶԸ

Քարոզիչ կարտինալը յուզիչ արտայայտութիւններով մէջբերումներ ըրաւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիէն եւ ներկաները հրաւիրեց աղօթելու հայազգի սուրբին աղօթքով, անոր ձայնով՝ Տիրոջմէ խնդրելով նոյն հաւատքի եւ նոյն խորութեան խորհրդածութեան պարգեւը։ 

“Սիրելի հայ բարեկամներ, թէեւ դուք Նարեկացին պահելու նախանձախնդրութիւն ունեցած էք՝ որպէս զաւակ ժողովուրդի մը եւ եկեղեցիի մը, որ միակն է իր պատմութիւնով, այբուբենով, լեզուով ու արուեստի իւրայատկութիւններով, սակայն, ան դարձաւ բոլորինը՝ հռչակուելով ընդհանրական եկեղեցւոյ վարդապետ»,– ըսաւ Կարտինալ Սանտրի ու վերյիշեց 2015 թուականի Ապրիլին Ս. Պետրոսի տաճարին մէջ կատարուած հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն նախագահած էր Փրանկիսկոս Ա. Սրբազան Քահանայապետը, մասնակցութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եւ Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին։ Իր խօսքով՝ այդ օր միակամ ցնծութեամբ հաստատուած էր, որ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի մտքով ու գիրերով փոխանցուած հարստութիւնը պարգեւ մը կը հանդիսանայ նաեւ ընդհանրական եկեղեցւոյ համար։ «Իր ճրագը՝ սնուած ոգիի հուրէն, կը ներշնչէ եւ կ՚առաջնորդէ եւ դրուեցաւ այլ ճրագներու հետ՝ լուսաւորելու Քրիստոսի աշակերտներու ուղին, զայն ճանչնալու եւ անոր հետեւելու համար։ Այսպէսով, այս աղօթքով, նախ եւ առաջ, մենք անգամ մը եւս շնորհակալութիւն կը յայտնենք այս պարգեւին համար։ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ ծիսական օրացոյցին մէջ այս սուրբի յիշատակութեան օրուան հաստատումը բոլորս կը պարտաւորեցնէ արժեւորել անոր թանկագին ժառանգութիւնը”,– յայտնեց կարդինալ Սանտրի։

Քարոզի տեւողութեան կարդինալը ըսաւ.– “Մենք հարց կու տանք, թէ ո՞րն է արդեօք այն խաւարը, որու մէջ այսօր կը շողայ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի կողմէ սփռուած լոյսը, որ կը սնուցէ նաեւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը, որ ինքնին իւրաքանչիւրս լուսաւորող ճշմարիտ լոյսն է։ Սա այն խաւարն է, որու մասին Յիսուս կը խօսի Աւետարանի մէջ։ Խաւարը, որ կը յառաջանայ ազգերու միջեւ՝ իրարու վրայ յարձակելով։ Սա պայթումներու եւ փլատակներու խաւարն է, որով կը բացայայտուի այն մութը, որ մեր սրտերուն մէջ կը բնակի եւ կը կուրացնէ միտքերը։ Խաւարը անոնք են, որոնք դաւեր կը լարեն եւ հետզհետէ աւելի կատաղի ու կործանարար որոշումներ կ՚առնեն”։

Դարձեալ անդրադառնալով Ս. Գրիգոր Նարեկացիի փիլիսոփայութեան՝ կարդինալ Սանտրի ընդգծեց.– “Ս. Գրիգոր Նարեկացին մեզ կ՚ուղղորդէ՝ այս իրականութեան նայիլ մանուկի մը աչքերով. մանուկ, որ կը հարցնէ, թէ տակաւին քանինե՞ր մեզմէ պիտի լսեն պատերազմի ազդանշանները, պիտի պատսպարուին ապաստանարաններու մէջ, գաղթի ճանապարհը պիտի բռնեն։ Նոյն սուրբը մեզ՝ Քրիստոսին հաւատացողներս կը կոչէ չըլլալ ուղղակի հանդիսատես, որ միայն կ՚արձանագրէ ու մատնացոյց կ՚ընէ՝ մինչ պարտաւոր է փաստերը կոչել իր անունով՝ այսինքն բռնութիւն, անկախ այն հանգամանքէն, թէ որո՛ւ կողմէ կը կատարուի”։

Քարոզի եզրափակիչ փուլին մէջ կարդինալ Սանտրի խօսքերը ամփոփեց ըստ հետեւեալի.–

“Այսօր մենք ամէնուրեք խաղաղութիւն կը պահանջենք։ Կը պարտաւորուինք թեթեւցնել մարդոց տառապանքը, զանոնք հիւրընկալել եւ օժանդակել իսկապէս։ Այսօր, եկեղեցւոյ մէջ, Աստուծոյ խաչի առջեւ, մենք կը փափաքինք ըլլալ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի արժանի աշակերտները, իջնել անոր հետ մարդկային հոգիի ամայութեան անդունդը, նոյնիսկ բռնութիւն գործադրողի, մեղաւորի, նոյնիսկ Աստուած պատուազրկողի, իր եղբայրը անարգողի։ Մենք ալ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի նման կը փափաքինք յաղթել մեր «յամառութիւնը» եւ այդպէսով չպատուազրկել մեր եղբայրը, այլ Նարեկացիի բառերով խոստովանիլ առ Աստուած մեր մեղաւորութիւնը՝ անոր անսահման բարութեան դիմաց, մեղանչելով եւ աղերսելով մեր եւ աշխարհի համար շնորհք ու ողորմութիւն”։

 

ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ

Համամիութենական այս աղօթքէն վերջ տեղի ունեցաւ փրոֆ. Աբրահամ Տէրեանի «Ի խորոց սրտի. Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի աղօթքներու ծանօթագրուած թարգմանութիւն» գիրքի շնորհահանդէսը։ Նոյնպէս «Անճելիքում»-ի համալիրէն ներս այս ձեռնարկի բացման արտայայտուեցաւ կարդինալ Քուրթ Քոխ, որ ներկաները ողջունելով շեշտեց, որ սա եւս կարելի է աղօթքի արարողութիւն մը բնորոշել։ Արդարեւ, կադինալը այս հաւաքոյթը համարեց հնարաւորութիւն մը՝ Կաթողիկէ եւ Հայ առաքելական եկեղեցիներու բարեկամութիւնը տօնախմբելու եւ առաւել եւս՝ տօնախմբելու այն իսկական հաղորդութիւնը, որ արդէն գոյութիւն ունի երկու քոյր եկեղեցիներուն միջեւ։ Կարդինալը վերյիշեց հոգելոյս Յովհաննէս-Պօղոս Բ. սրբազան պապի խօսքերը, ըստ որոնց սուրբերու համամիութենականութիւնը «գուցէ ամենահամոզիչն է»։ Աւելի վերջ կարդինալը ընդգծեց, թէ Նարեկացին բոլորէն աւելի կարողացած է արտայայտել հայ ժողովուրդի զգայնութիւնը։ Անոր պատգամը թէեւ խորապէս արմատաւորուած է իր ժողովուրդի փորձառութեան մէջ, սակայն, կը ներկայացնէ համընդհանուր եւ համամիութենական արժէք։ Կարդինալը Ս. Գրիգոր Նարեկացիին բնորոշ համարեց երկու յատկանիշ։ Առաջինը՝ անոր անկեղծութիւնն է, որ զայն դարձուցած է «մարդկային աղքատութեան բանաստեղծը», Յովհ.-Պօղոս Բ. պապին բնորոշումով։ Երկրորդ յատկանիշն է՝ փորձութիւններու մէջ Աստուծոյ նկատմամբ խորին վստահութիւնը. վստահութիւն, որ կը բնութագրէ հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու ոգեղինութիւնը։ Երրորդը՝ համընդհանուր զօրակցութիւնն է խարսխուած մարդկային եղբայրութեան եւ սուրբերու հաղորդութեան վրայ։ Սա Նարեկացին մղած է նոյնանալու բոլոր ժամանակներու եւ վայրերու աղքատներու եւ մեղաւորներուն հետ, բարեխօսելով բոլորին համար։ Ի շարունակութիւն, Կարդինալ Քոխ ընդգծեց նաեւ Նարեկացիի համընդհանուր համերաշխութեան ու մարդասիրութեան ձգտումները։ Ան եւս մեկնաբանեց 2015 թուականին, Փրանկիսկոս պապին կողմէ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ» հռչակման նշանակութիւնը։ Քոխ սա որակեց «նուէրներու փոխանակումի հոյակապ օրինակ մը՝ մէկ եկեղեցի կառուցելու ուղղութեամբ»։ 

Հուսկ, կարդինալ Քոխ անդրադարձաւ այս օրերու պատերազմական լարումին՝ մատնանշելով Փրանկիսկոս քահանայապետին կողմէ «Խաղաղութեան վարդապետ» բնութագրուած Ս. Նարեկացիի մէկ այլ յատկանիշը, որով կարծես ան խաղաղութեան քրիստոնէական մեծ պատգամ մը եղած ըլլայ, ցաւով լեցուն աղաղակ մը, որ ողորմութիւն կը խնդրէ բոլորին համար։ “Թող Ս. Նարեկացիի օրինակն ու բարեխօսութիւնը մեզ առաջնորդեն միասնութեան ու խաղաղութեան այս ճանապարհին վրայ”,– եզրափակեց Քոխ։ 

Գիրքի ծանօթացման այս հաւաքոյթի տեւողութեան զեկուցումով հանդէս եկաւ Հռոմի Արեւելագիտութեան քահանայապետական կաճառի դասախօսներէն փրոֆ. Մարքօ Պաիս, որ շատ ծանօթ հայագէտ մըն է։ Այս առթիւ ան խորհրդածութիւններ ըրաւ փրոֆ. Աբրահամ Տէրեանի հեղինակած գիրքին շուրջ՝ ընդգծելով անոր գիտական բարձր արժէքը։ Աւելի վերջ ելոյթ ունեցաւ փրոֆ. Աբրահամ Տէրեան, որ այս հաւաքոյթին համար յատկապէս հրաւիրուած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն։ Ան մանրամասնօրէն արտայայտուեցաւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի ծիսական աստուածաբանութեան մասին։ Հուսկ, դեսպան Կարէն Նազարեան ալ հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը։

Ձեռնարկի աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։

Մարտ 2-ի առաւօտուն, Խաժակ սրբազան, փրոֆ. Աբրահամ Տէրեան եւ անոր կինը մասնակցեցան Փրանկիսկոս քահանայապետի աւանդական ունկնդրութեան, որու աւարտին անոնք առիթ ունեցան անձամբ ողջունելու Սրբազան քահանայապետը և անոր յանձնելու փրոֆ. Տէրեանի երեք նոր հրատարակութիւնները։ Փրանկիսկոս Պապը իր գնահատանքը  յայտնեց եւ իր օրհնութիւնը տուաւ Տէրեան ամոլին։