Ապրիլ 1-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, համայնքապետարանի իր գրասենեակին մէջ հիւրընկալած է հայ համայնքապետեր՝ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանը եւ Կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեանը։
Համայնքապետերը հակիրճ կերպով անդրադարձած են օրակարգային նիւթերու, արծարծած երկրին մէջ տիրող իրավիճակն ու ծառացած մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ օրերուն տեղի ունենալիք Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած նախաձեռնութիւնները։
Աւարտին հոգեւոր պետերը աղօթք բարձրացուցած են առ Աստուած՝ խաղաղութիւն, սէր, միութիւն եւ համերաշխութիւն մաղթելով աշխարհին։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։