Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Սպանացի երեսփոխանը կոչ կ՚ընէ միջազգային հանրութեան, որ ստիպէ Ազերպայճանը հայկական հողերէն հեռանալու

 

Սպանիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ճոն Ինարիթու այցելած է Գեղարքունիքի մարզի Սոթք բնակավայրը, եւ տեսաուղերձով ցոյց տալով Ազերպայճանի՝ Սեպտեմբերին կատարած վայրագութիւններու հետեւանքները, կոչ ըրած է միջազգային հանրութեան, որ ստիպէ Ազերպայճանը յարգելու խաղաղութեան օրակարգը եւ հեռանալու Հայաստանի այն տարածքներէն, զորս բռնագրաւած է: