Յուլիս 4-ին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին հրաւիրուած էին Սփիւռքի եւ Հայաստանի թեմակալ առաջնորդները, բանտարկուած երկու բարձրաստիճան եկեղեցականներու զօրակցութիւն արտայայտելու եւ եկեղեցւոյ բարերար հռչակուած Սամուէլ Կարապետեանի ազատ արձակումը պահանջելու համար կազմակերպուած ցոյցին իրենց մասնակցութիւնը բերելու։ Այս բացառիկ հաւաքը ծնաւ յայտարարութիւն մը, որ Հայաստանի իշխանութեան հանդէպ ընդհանուր վրդովումի եւ Գարեգին Բ.ին հաւատարմութեան արտայայտութիւն էր, առանց անդրադարձ մը կատարելու Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ անոր դիմագրաւած անվտանգութեան մարտահրաւէրներուն։ Չկար նաեւ Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները կարգաւորելու ելքի մը առաջարկը, նկատի ունենալով բոլոր այն հարցերը որոնք այս պոռթկումին պատճառ հանդիսացած են։
Միակ դրական արձագանգը,– եթէ կարելի է այդպէս որակել,– եկաւ Պոլսոյ պատրիարքէն. ան ըսաւ, որ վարչապետին Պոլիս այցը՝ ԱՄՆ իր այցելութեան զուգադիպած ըլլալուն պատճառով է, որ չէ կրցած զինք ընդունիլ, եւ եթէ ինք հոն ըլլար՝ բնականաբար կ՚ընդունէր, թէեւ՝ անոր առերես յայտնելու համար իր առարկութիւնները։
Բայց, Պոլսոյ պատրիարքն ալ չէ համարձակած արծարծել՝ հանրութեան առջեւ բացէ ի բաց պարզուած կուսակրօնութեան խախտումի երեւոյթը։ Եթէ եկեղեցւոյ ներքին հարցն է՝ շատ լաւ, թող եկեղեցին լուծէ։ Բայց նախ եւ առաջ պէտք է ընդունի այդ իրողութիւնը, որ լուծէ։ Ի՞նչ ըսել՝ երբ աշխարհի ամէն կողմէ թեմակալ առաջնորդներ եպիսկոպոսներ, արքեպիսկոպոսներ կը հաւաքուին Մայր Աթոռ՝ պաշտպանելու Գարեգին Բ.ն ու բառ մ՚իսկ չեն արտայայտեր եկեղեցականներու վարքին առնչուող հարցին մասին…։
Պոլսահայ մամուլի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ Պոլսոյ պատրիարքը անդրադառնալով Փաշինեանի հայ առաքելական եկեղեցականներու կուսակրօնութեան ուխտի դրժումի ամբաստանութեան, ըսած է թէ անցեալին բազմաթիւ անգամներ տեղի ունեցած են վարչապետ-վեհափառ հանդիպումներ, եւ այն ժամանակ վարչապետը տեղեակ չէ՞ր եղելութիւններուն։ Եթէ այն ժամանակ վարչապետը տեղեակ էր, բայց այդ հարցը չէ բարձրացուցած, սա չի նշանակեր, որ խնդիր գոյութիւն չունի։ Թերեւս ալ արծարծած է, բայց ծածուկ։ Ներկայ բախումին ու անոր հանրայնացման գլխաւոր պատճառը պարզ է՝ եկեղեցականներու բռնի յեղաշրջում կատարելու կոչերուն՝ Մայր Աթոռի կողմնակցութիւնը։ Եւ ապշեցուցիչ է, որ հայ կղերական բարձրաստիճան դասը կը շրջանցէ այս գլխաւոր խնդիրը, զանազան եկեղեցապաշտ ու ազգայնապաշտ պատճառաբանութիւններ առաջ քշելով։ Բնական է, որ կայ անմեղութեան կանխավարկածը, կայ վարչապետին գործածած լեզուին կոշտութիւնը…, բայց այս երեւոյթները չեն արդարացներ եկեղեցականներու վարքին վերաբերող գլխաւոր մեղադրանքին պատասխանելէ խուսափիլը։
Այնպիսի աշխարհի մը մէջ կ՚ապրինք, ուր լրտեսութիւնը յատկապէս գաղտնի սպասարկութիւններու կողմէ անձ մը կամ պետութիւն մը խոցելու տեղեկատուական նիւթերու հաւաքագրումը,– ինչպէս կարգ մը անձնաւորութիւններու մտերմիկ կեանքին մասին տեսագրութիւնները,– երկրին անվտանգութեան ծառայութիւնները պետութեան ազգային շահերը պաշտպանելու հարկադրանքին տակ կը դնեն։ Այս նիւթին անդրադարձած էր վարչապետը հետեւեալ գրառումով. «Անձնական կեանքի եւ օպերատիվ իրավիճակի կապի մի դրուագ ներկայացնեմ միայն. վերջին տարիներին աւելի քան երկու տասնեակ դէպք է բացայայտուել, երբ օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւնները ՀՀ քաղաքացիների են հաւաքագրել՝ օգտագործելով անձնական եւ ինտիմ կեանքում նրանց ունեցած խոցելիութիւնները։ Նման բազմաթիւ դէպքերով կան քրէական գործեր, մի մասը քննւում է դատարաններում, միւս մասով ունենք մեղադրական դատավճիռներ։
Ահա եւ կապը “անձնական կեանքի” եւ օպերատիվ իրավիճակի միջեւ»։ Բարձրաստիճան եկեղեցականները զերծ չեն օտարերկրեայ սպասարկութիւններու նման ասպատակութիւններէ։
Ժ.Չ. ■
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։