ՍՐԻ ԼԱՆՔԱ – Երեւանի մնջախաղի պետական թատրոնը մրցանակ շահած է Սրի Լանքայի միջազգային փառատօնին

Երեւանի մնջախաղի պետական թատրոնը վերջերս մասնակցած է Սրի Լանքայի «Գոլոմպօ» միջազգային թատերական փառատօնին։

Փառատօնի մրցոյթին մասնակցած է Նաիրա Եդիգարեանի «Դէպի ներս» բեմադրութիւնը, ուր արուեստագէտը հանդէս եկած է թէ՛ իբրեւ բեմադիր եւ թէ՛ մենակատար։ Ժամանակակից մնջախաղի արուեստի արտայայտիչ լեզուով ստեղծուած այս ներկայացումը հանդիսատեսին եւ դատակազմին կողմէ արժանացած է բարձր գնահատանքի՝ որպէս ինքնաբացայայտման, ներքին ճգնաժամերու յաղթահարման եւ ինքնութեան որոնման պատկերաւորում։

Թատերախումբը «լաւագոյն բեմադրութիւն» անուանակարգին մէջ շահած է առաջին մրցանակը։

Փառատօնի շրջանակին մէջ Նաիրա Եդիգարեան Սրի Լանքայի արուեստի կեդրոնին մէջ կազմակերպած է նաեւ վարպետութեան աշխատանոցներ։

Նշենք, թէ Երեւանի մնջախաղի պետական թատրոնը հրաւէր ստացած է մասնակցելու Հնդկաստանի մէջ 2026-ին կայանալիք թատերական միջազգային փառատօնին: