Ծաղկաձորի մէջ Սեպտեմբեր 22-ին սկսած է սփիւռքի արհեստագիտական «ՆերՈւժ 6.0» ծրագիրը:
Բացման ներկայ՝ ՀՀ Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարի տեղակալ Ռուբէն Սիմոնեան իր խօսքին մէջ ողջունելէ ետք ներկաները, ընդգծած է, որ «Ներուժ»-ը ոչ միայն նորարար գաղափարներու հարթակ է, այլեւ կամուրջ Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ՝ որ կը միաւորէ համահայկական արհեստագիտական միտքը, գիտելիքն ու փորձը։
“Սա բացառիկ հնարաւորութիւն է սփիւռքահայ մասնագէտների եւ նորարարների համար գալ Հայաստան, ծանօթանալ մեր արհեստագիտական համակարգին, մասնակցել խտացեալ ուսումնական եւ փորձագիտական գործընթացների ու ներկայացնել սեփական գաղափարները: Այս տարի մասնակցութեան ցուցանիշերը բաւականին բարձր են թէ՛ դիմումների քանակով, թէ՛ երկրների եւ խմբերի բազմազանութեամբ”,– նշած է Սիմոնեան, որ ներկայացուցած է նաեւ նախարարութեան ռազմավարական ուղղութիւնները։
Այս տարի, «Ներուժ 6.0»-ին մասնակցելու համար ստացուած է 68 դիմում՝ 18 երկրէ՝ Ֆրանսայէն, ԱՄՆ—էն, Գանատայէն, Գերմանիայէն, Շուէտէն, Հնդկաստանէն, Աւստրալիայէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Ռուսաստանէն եւ այլ երկիրներէ։
Ընտրուած 32 սթարթափ Սեպտեմբեր 22–27 կը մասնակցի վեցօրեայ խտացեալ միջոցառումներու՝ ներառեալ դասընթացքներ, վարպետութեան դասեր, ելոյթներու նախապատրաստում, անհատական խորհրդատւութիւն, միջազգային հեղինակաւոր աքսելերացիոն ծրագիր, մշակութային այցելութիւններ եւ ցանցային կապերու ձեւաւորման կարելիութիւններ։
Ինչպէս փոխնախարարն ալ նշած է, «Ներուժ»-ը կամուրջ է Հայաստանի եւ սփիւռքի արհեստագիտական համայնքներուն միջեւ, հարթակ մը, որու միջոցաւ սփիւռքահայ նորարարները կրնան կառուցել եւ զարգացնել իրենց սթարթափները Հայաստանի մէջ։
«ՆերՈւժ 6.0» ծրագրի կայքէջի կապն է՝ https://neruzh.am/hy/