Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը մնայուն կապի մէջ է Տոնեցքի, Լուկանսքի հայ համայնքներուն հետ 

Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը մնայուն կապի մէջ է Տոնեցքի, Լուկանսքի և յարակից շրջաններու հայ համայնքներուն հետ։

Լուկանսքի Հայերու թիւը շուրջ 2-3 հազար է, իսկ Տոնեցք կ՚ապրին շուրջ 25 հազար հայեր։ Համայնքներուն մէջ կը գործեն հայկական կիրակնօրեայ դպրոցներ, երիտասարդական միութիւններ, «Վերածնունդ» կրթամշակութային միութիւնը եւ Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցին, որ կը գտնուի Մաքէեւքա քաղաքին մէջ։ Ներկայիս տարածաշրջանին մէջ կրակմար յայտարարուած է. համացանցի, ջրամատակարարման, վառելիքի առումով խնդիրներ կան: Համայնքին մէջ տուժածներ չկան, շատերը նախօրօք լքած են հակամարտութեան գօտին։ Միաժամանակ այնտեղ խուճապային տրամադրութիւնները բացակայ են: