Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Վալերի Պուայէ.– “Աշխարհ լուռ կը հետեւի Արցախի դէմ Ազէրպայճանի ոտնձգութիւններուն”

«Ֆիկառօ-Մակազին»-ի փոխտնօրէն Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն յայտարարած է, թէ Արցախի Փառուխ հայկական գիւղի շրջակայքը աւելի քան տասը օր է՝ ապօրինաբար բռնագրաւուած է Ազէրպայճանի կողմէ։

«Հարիւրաւոր գիւղացիներ՝ ներառեալ երախաներ, տակաւին իրենց տուներէն հեռու կ՚ապրին։ Իսկ ազէրպայճանական բանակը ետ չի քաշեր իր զօրքերը. աւելի՛ն՝ ան կ՚ամրապնդէ իր դիրքերը»,– «Թուիթըր»-ի իր հաշիւին գրած է Պիւիսոն:

Ֆրանսայի Ծերակոյտի անդամ, Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական խումբի փոխնախագահուհի Վալերի Պուայէ իր կարգին նշեալ գրառման առնչութեամբ յիշեցուցած է, որ 2020-ի լայնածաւալ յարձակման ընթացքին Ազէրպայճան Թուրքիոյ օգնութեամբ՝ թրքական ռումբերու, սպիտակ ֆոսֆորի եւ անօդաչուներու միջոցով կոտորածի ենթարկած է Արցախի Հայերը:

«Անոնց մէջ կենդանացած է ցեղասպանի ոգին: Իսկ աշխարհ լուռ կը հետեւի առանց որեւէ բան ընելու: Ոտնձգութիւնները կը շարունակուին անտարբերութեան մթնոլորտի մէջ»,– «Թուիթըր»-ի իր հաշիւին գրած է Վալերի Պուայէ: