Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Վանի Սուրբ Բարթուղիմէոս հայկական եկեղեցին ամբողջական աւերման եզրին է

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ 13-րդ դարու Ս. Բարթուղիմէոսի վանքը Վանի Պաշքալէ շրջանի թրքական իշխանութիւններու կանխամտածուած և յանցաւոր անգործութեան հետևանքով ոչնչացման եզրին է։

Ըստ Fırat գործակալութեան՝ 2011 թուականին նահանգապետարանի վարչակազմը յայտարարած էր հայկական վանքը վերականգնելու ծրագրերու մասին, սակայն տասը տարուան մէջ ո՛չ մէկ քայլ կատարուած է։

Եկեղեցին հիմնադրուած է Բարթուղիմէոս առաքեալի նահատակութեան վայրը, Ք.ա. առաջին դարուն։ Վանքը լքուած է 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ։  1915-1916 թուականներուն անցած է թուրք զինուորականներու վերահսկողութեան տակ և անկէ ի վեր կը գտնուի թրքական բանակի ռազմակայանի տարածքին, որ 1990-ականներէն օգտագործուած է որպէս յատուկ զօրամասի յենակէտ։ Վանական համալիրը մեծապէս տուժած է 1966-ի երկրաշարժէն։ Եկեղեցւոյ գմբէթը կանգուն էր մինչև 1960-ական թուականները, սակայն յետոյ ամբողջ կառոյցը աստիճանաբար փլուզուած է, և գմբէթէն ոչինչ մնացած է։ Ռազմակայանը այլ վայր փոխադրելէ ետք, կառոյցը յանձնուած է Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան։

Վանի Բնապահական ընկերակցութեան նախագահ Ալի Քալչըքի համաձայն՝ պատմական վայրի ոչնչացումը ցեղասպանական մտածելակերպի շարունակութիւնն ու դրսեւորումն է։ Ան ըսած է, թէ Վանի մէջ կ՚ոչնչացուի Հայոց պատմութիւնը։ Գանձագողերը արագցուցած են եկեղեցւոյ աւերումը՝ գանձեր փնտռելու համար փոսեր փորելով։

Քալչըք շեշտած է, որ իշխանութիւններու յայտարարած վերականգնումը չէ կատարուած, իսկ եկեղեցիէն մի՛այն մէկ պատ մնացած է։

“Պաշտօնական գաղափարախօսութեան համաձայն՝ գանձերը միշտ թաղուած են քրիստոնէութեան խաչերու տակ։ Այս մտածելակերպը կործանարար է, որուն հետեւանքով կ՚ոչնչացուին Միջագետքի արժէքները”,– ըսած է նշեալ ընկերակցութեան ղեկավարը։